Հայ Ամերիկեան Տարեցներու Միութեան պատասխանատուներէն կ՛իմանանք, որ նախանցեալ գիշերուան ընթացքին, անյայտ անձեր հակահայ «կրաֆիթի»ներ գրած են միութեան 407 East Colorado Street հասցէին գտնուող շէնքի պատին վրայ: «Մահ հայերուն» եւ «Թրամփ կ՛ըսէ՝ անմիջապէս հեռացէք» գրութիւնները գրուած են շէնքին վրայ:
Կլենտէյլ քաղաքի ոստիկանական աղբիւրներ «Ասպարէզ»ին յայտնեցին, որ այս արարքը իրենք կը համարեն Ատելութեան Ոճիռ (Hate Crime): «Ընդհանրապէս «Ատելութեան ոճիռ» կը համարենք, երբ այսպիսի արտառոց ու բացայայտ արարքի մը ականատես կ՛ըլլանք», ըսաւ ոստիկանութեան հանրային տեղեկատուութեան գրասենեակի խօսնակ Տեն Սաթըլզ՝ աւելցնելով, որ ներկայիս ոստիկանութիւնը քննութիւն բացած է նոյն շրջանին մէջ «կրաֆիթի»ի նմանօրինակ այլ արարքներու վերաբերեալ:
Իր կարգին, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը յայտարարութեամբ մը խստօրէն դատապարտեց այս արարքը, զայն համարելով ատելավառութեան արտայայտութիւն, որ «կրաֆիթի»ի ձեւով գրուած էր Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան շէնքի պատերուն վրայ:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այս համարում