Չեմ ուզեր ըստ էութեան քննարկել վարչապետ Փաշինեանի ԱՄՆ այցելութեան հանգամանքները, որոնք կը կարօտին մանրամասն եւ բազմակողմանի վերլուծման:
Կ՛ուզեմ պարզապէս յիշեցնել, որ քանիցս ընդգծած եմ կենսական կարեւորութիւնը Հայաստանի մէջ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան: Այսօրուան պայմաններուն մէջ, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ի վիճակի չէ ընդդիմադրութեան բնականոն պատասխանատուութիւնները ստանձնելու: Ան թոյլ է, անկերպարան, տարտղնուած եւ քաղաքականօրէն պատանդ՝ գործադիր իշխանութեան առաջնահերթութիւններուն:
Պէտք է լրջօրէն մտահոգուիլ քաղաքական բեմէն խորհրդարանի այս էական բացակայութեան համար: Վարչապետ Փաշինեան ցարդ գործնական քայլեր չէ առած այս վտանգաւոր բացը գոցելու ուղղութեամբ: Քանիցս յիշեցուցած ենք պր. վարչապետին, որ ներկայիս միայն մէկ միջոց կայ այս մարզին մէջ իրական եւ դրական տեղաշարժ իրագործելու: Խօսի՛լ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան (եւ յատկապէս Դաշնակցութեան) հետ եւ զայն ընդգրկել երկրի քաղաքական գործընթացի բոլոր վճռական փուլերուն մէջ: Վերածե՛լ երկիրը մասնակցային ժողովրդավարութեան եւ հնարաւոր դարձնել, որ երկրի միասնականութիւնը ինքզինք ի նորոյ գոյաւորէ եւ բանայ նոր դարը ՀՀ ազգային համերաշխութեան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչը իր վերջին ելոյթով կը հաստատէ, որ կառավարութիւնը որեւէ քայլ չէ առած այս մարզին մէջ եւ քաղաքական ուժերու յարաբերութիւնները կը մնան մեռեալ կէտի վրայ:
Կարդացեք նաև
Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այս համարում