Աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւններու, տնտեսական եւ մրցակցային նոր հոսանքներու ձեւաւորման ժամանակաւոր այս փուլին, Հայաստանն ալ, զուգահերաբար, կը թեւակոխէ յետ-յեղափոխական բարեփոխումներու, հասարակական, քաղաքական եւ դատական իրաւակարգի նոր հանգրուան մը, վկայակոչելով Հայաստանի Հանրապետութեան նորագոյն պատմութեան զարգացումը։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ այսօր Հայաստանի հասարակութեան գերնպատակը յառաջադէմ հայկական պետութեան մը ստեղծումը եւ կայացումն է, անկախ պետականութեան եւ հայրենիքի՝ նոր մարմնաւորումը, որ անսակարկ կերպով կը շահագրգռէ համայն հայութիւնը, եւ որուն համար իւրաքանչիւր հայ, գիտակցաբար, հպարտ եւ յանձնառու կը զգայ իր հայրենատիրութեան պատասխանատւութեան։ Հայրենատիրութիւն, զոր կը բնորոշէ հաւասար քաղաքացիական իրաւունքներու հիմքով ստեղծուած, նորարար գործելաոճով ծրագրուած, արդիւնաւէտութեան եւ միտքի ուժի հենքով առաջնորդուող, համահայկական նոր չափանիշերու ձգտող հզօր Հայաստանը եւ համայն հայ ժողովուրդի հայրենիքը։
Ի հեճուկս այս իրավիճակին, ակնյայտ է, որ հայրենիքի մէջ ընթացք առած է բեւեռացուած կարծիքի, ընդդիմախօսութեան եւ անհատական հաւատարմութիւններու շուրջ պտըտող լուրջ հասարակական բախում, անվստահութեան եւ թերահաւատութեան լայն բեմ եւ կողմնակալ լրատւութեան կողմէ դրդուած աղմկայարոյց երեւոյթներ ու ապակողմնորոշող ելոյթներ։
Հակառակ անկայունութիւն ստեղծող այս ժամանակաւոր երեւոյթին, ՌԱԿ-ը համոզուած է այն միտքին, թէ այս իրավիճակին բնական հեղինակն ու տէրը նոյնինքն «թաւշեայ» յեղափոխական քաղաքացին է, որ խիզախ ժողովրդավարութեան ընթացք տուած է, բայցեւայնպէս, կը գիտակցի անցումային այս երեւոյթներու ժամանցելիութեան, ի վերջոյ՝ հաւաքական կամքով հաւասարակշռելու ժողովրդավարութեան նժարը, ստեղծելու բուռն ցանկութեամբ սպասուած, ոգեշնչող Նոր Հայաստանը՝ իր յեղափոխութեան կարգախօսով ամրագրուած։
Կարդացեք նաև
ՌԱԿը իր աշխարհասփիւռ կառոյցներով, Կեդրոնական Վարչութեամբ եւ անդամակցութեամբ իրազեկ եւ հաղորդակից է հայրենիքի այս տեղաշարժերուն։
Առ այդ, ընդունելով յարափոփոխ ներքաղաքական իրավիճակը, ընդգծելով համազգային նպատակներու հետապնդման հրատապութիւնը, մատնանշելով արտաքին եւ ներքին հանգամանքներու նրբութիւնները, ՌԱԿը կոչ կ’ընէ հայ ժողովուրդին, յեղափոխութեան օրերուն ցուցաբերած հանդուրժողականութեան ոգիով եւ համաժողովրդական վճռականութեամբ վերահաստատէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր ղեկավարած իշխանութեան վստահութեան քուէն, շարունակելու բարեկարգումներու օրակարգը՝ ի շահ հայ ժողովուրդին, սփիւռքահայութեան հայրենադարձութեան իրականացման, Արցախի հիմնախնդրի հայանպաստ լուծման եւ Նոր Հայաստանի պետական, տնտեսական զարգացման։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն