Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

Փաշինեանը կու գայ․ նայի՛նք այս մարդը ի՞նչ պիտի ըսէ․ «Հայրենիք»

Սեպտեմբեր 21,2019 10:40

Շուտով, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Լոս Անճելըս կը հասնի, աւելի ճիշդ պիտի ժամանէ։

Արդէն շաբաթներէ ի վեր հայրենի եւ Սփիւռքի եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայ մամուլն ու հայկական հեռատեսիլի գրեթէ բոլոր կայանները, ամէնօրեայ յիշեցում-ծանուցումներ կը կատարեն, նոյնիսկ վարչապետի խօսք-հրաւէրով։

Վարչապետը կու գայ «հանրային հանդիպում» պիտակին տակ։ Կու գայ։ Բարի եկաւ։ «Ինչո՞ւ կու գայ»ն այլեւս աւելորդ է, աւելի լաւ է անոր փոխարէն.- «նայինք, տեսնե՛նք ինչե՜ր պիտի ըսէ»-ն կամ «ի՜նչ ըսելիքներ ունի»-նը։ Տրամաբանական կը թուի։

Անշուշտ պէտք է, որ գայ։ Չէ՞ որ ան ներկայիս մեր երկրին ընտրուած ղեկավարն է եւ յատկապէս ու մանաւանդ՝ տարի մը առաջ հայրենիքէն ներս կատարուած թաւշեայ յեղափոխութեան «հերոսը»։ Էհ, վերջապէս, հիմա ինքն է մեր երկիրը ղեկավարողը չէ՞։ Մեր երկրին, ընտրուած «թուխոտ» ղեկավարը։

Նման հարցականներ, հարցումներ, լուսաբանական եւ նոյնիսկ քննադատական խօսքեր այս օրերուն եւ օրուայ բոլոր ժամերուն կարելի է լսել մանաւանդ Կլէնտէյլի հայկական խանութներուն եւ շուկաներուն մէջ, նոյնպէս մեծ ու փոքր առեւտրական հաստատու-թիւններէ ներս եւ կամ հանրային փոքր պարտէզներու փայտէ չոր նստարաններու վրայ նարտի խաղով զբաղող, սակայն իրենց անհատնում հարցեր ու հարցումներ դուրս թափող հայ տարեցներու բերաններէն։ Զարմանք։ Ո՛չ, ոչ. շատ բնական երեւոյթ։ Հետաքրքրական։ Անհատնում հարցումներ եւ դրական ու ժխտական լուսաբանութիւններ կու գան աւելնալ հայկական այս անօրինակ «աղմուկ»-ին։

-Փաշինեանը կու գայ… Փաշինեանը կու գայ…։

Չեմ գիտեր ի՞նչ կրնան խորհրդանշել այս բացագանչութիւնները.- վախ, դժգոհութիւն- ուրախութիւն թէ՛ հպարտանք։ Վարչապետը ըսելիքներ ունի եւ ան ալ հրապարակային։ Ու այս բոլորին իբրեւ զուգահեռ տպաւորութիւն, ինչ մեղքս պահեմ, կը յիշեմ ամերիկեան պատմական դրուագ մը։ Այսպէս, Պոսթընի նաւահանգիստի մէջ ամերիկացի ազատատենչ հայրենասէրներ, երբ առ ի բողոք, անոնք անգլիական «թէյ»-երու ծանրոցները նաւերէն ովկիանոս թափեցին եւ այս մէկը պատճառ դարձաւ, որ անգլիական բանակը ծնունդ առած ապստամբութիւնը զսպելու նպատակով, հսկայ նաւատորմ կը ղրկէ դէպի Ամերիկա։ Իսկ այս միջադէպին մէջ ամէնէն հետաքրքրականն ու էականը անգլիական նաւատորմի արշաւը դէպի ամերիկեան ցաքամասան լուր տարածող սուրհանդակ ձիաւոր զինուորի բացագանչութիւնն է։ Ան այդ օրերու Արեւելեան Ամերիկայի նահանգներէն դէպի արեւմուտք տարածուող նահանգներ, իր ձիով սուրալով, գիշեր-ցերեկ, իր ճամբուն վրայ իւրաքանչիւր գիւղ-քաղաք մտնելով կը պոռայ, կը բացագանչէ.- English are coming- անգլիացիները կու գան։ Ազդարարիչ բացագանչութիւն։ Այդ օրերու ահազանգ։  Տեղացիք հասկնալով հարցին ծանրութիւնը, կը փութան ինքնապաշտպանութեան «պատրաստութեան»։ Մնացեալը, ալ պատմութիւն է։

Իսկ այս օրերուն մեզի, ամիրիկահայերուս համար, ամէնօրեայ բերնի ծամօնը դարձած է՝ «Փաշինեանը կու գայ»-ն։ Ամէն տեղ։ Ամէն տուն եւ վայր։

Արդեօք խապրի՞կ է, կ՚ըսեմ, թէ ոչ ահազանգ կամ զգաստութեան հրաւէր։ Սպասենք եւ նայինք։

Իմ պարագայիս, չեմ հասկնար։ Միշտ կրկնած եմ, թէ անձնապէս քաղաքականութիւն «ըսուածը» չեմ հասկցած։ Բայց բոլորին նման կը կարծեմ, որ «հանդիպում» կը նշանակէ դիմացինին հետ տեսնուիլ եւ թերեւս ալ խօսիլ։ Բնականաբար մարդիկ, աշխարհի հայերը, այս հանդիպումէն մեծ ու փոքր ակնկալութիւններ ունենան։ Ուրեմն վարչապետի ներկայութիւնը նման «բաներով» ձեւաւորուած ըլլալու է, կամ պիտի ըլլայ։

«Փաշինեանը կու գայ»։

Ան Լոս Անճելըս պիտի գայ ու մեզմէ կը խնդրէ, որ մենք, մեծով ու պզտիկով եւ ամէն տեսակի «գոյներով»  մէկտեղուինք, որպէսզի ինք, իր «ըսելիքները» ըսէ։

Մեզ այսպէս հաւաքելով, շատ հաւանաբար ան պիտի խօսի իր ծրագիրներու մասին։ Լուսաբանութիւններ պիտի տայ։ Արդարացումներ։ Եւ ապա թերեւս ալ հաւաքին ներկայ եղող այդ հազարաւոր մարդոց մէջէն, իրեն հարց տուողներուն ալ պատասխանէ։

Մենք միշտ դժգոհ ազգ եղած ենք։ Ուստի, բնական է, որ հարցեր ալ ունենանք։ Հարցեր ունինք արդէն, նորութիւններ չեն։ Եւ այդ մտահոգ հարցերու լուծման մասին տեղեկութիւններ կը պահանջենք։ Գիտենք, որ ամէն տեղ գանգատներ կան, որովհետեւ մենք կը սիրենք հայացնել ամէն բան, նոյնիսկ մեր կեանքի իմաստը։ Միայն հոս հարցեր չունինք, հոն ալ կան։ Հոն՝ հայրենի հողին վրայ։ Կը լսենք։ Կը տեսնենք։ Հարցեր՝ տեսակաւոր։ Ու նաեւ սխալներ, որոնք կարծես միշտ կրկնուած են։  Շատ են եւ մենք տուժած ենք այդ սխալներէն, որովհետեւ մինչեւ հիմա պատմութենէն սորված չենք եւ նոյնիսկ կեանքի թագուն ձայներուն ականջ չենք դրած։

«Փաշինեանը կու գայ»։

Չեմ գիտեր։ Միայն այն գիտեմ, որ ինչ ալ ըլլան օրուան կարգախօսերը, հայրենիքն է մեր բոլորի ակնարկներու կիզակէտը։ Անոր համար հարցումներ եւ մտահոգութիւններ ունինք եւ անշուշտ գնահատականներ ալ։ Պէտք է շեշտեմ, որ իբրեւ սփիւռքահայերս կը հաւատանք, որ մեր երկրի գոյութեան մէջ է մեր հոգեկան հիմքերը։ Մեզի համար Հայաստանը շուկայ չէ։ Գաղափար է։ Մեր կենսագրութիւնը անբաժանելիօրէն կապուած է հողին, որ նաեւ իրականութիւն է եւ մանաւանդ անհրաժեշտութիւն՝ մեր գոյատեւման։ Ու մեր հայրենիքի զարգացման ու բարգաւաճման մէջ մենք բոլորս ալ մեր դերերը ունինք։

Կը հաւատանք։

Միւս կողմէ սակայն…«նայի՛նք այս մարդը ի՞նչ պիտի ըսէ»-ն կայ։ Ուստի համբերութիւն։

Ըսեմ, որ մեզմէ շատեր վազեր եկեր են եւ տակաւին վազելով կու գան Ամերիկա եւ ապա երազկոտ աչքերով կ՚ուզեն հետեւիլ հայրենիքի իրադարձութիւններուն։ Ինքնախաբէութիւն։ Այս ուրիշ հարց է։

«Փաշինեանը կու գայ»։

Ահազա՞նգ է, թէ ո՛չ խապրիկ։ Վերջը կրնանք գիտնալ։ Վարչապետը պիտի խօսի, գիտե՛նք, թերեւս պիտի համոզէ՛ալ, պիտի պարզէ, պիտի բացագանչէ, պիտի գնահատէ եւ պիտի պահանջէ։ Ան ալ կը կռահենք։ Նոյնիսկ գիտենք։ Ենթադրութիւն կատարելը անիմաստ է։ Բնական է, որ ան մեզմէ պիտի խնդրէ, որ Սփիւռքը շարունակէ իր նիւթաբարոյական աջակցութիւնը եւ վստահի նոր յեղափոխութեան եւ յեղափոխականներուն։

Իմ կարգիս, ըսեմ նաեւ, որ չեմ ուզեր այդ հաւաքին հրապարակային արտասանուած խօսքերուն միայն հաւատալ, այլ՝ յուսալ որ այդ հաւատքս իրականութիւնը կը դառնայ։

Այս բոլորը, որպէսզի ազգային գիտակցութիւնը չմարի հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակ-ներու մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ։ Ճիշդ է, որ  ամէն ժողովուրդ ունի իր ապրելու ոճը։ Մեզի համար կարեւորը նոյնիսկ վտանգի պահուն մեր իսկութիւնը գտնելն է։

Պարզ զգացումներով հայրենիք եւ պետութիւն չստեղծուիր։ Լուսաւոր Հայաստան կառուցելը մեր բոլորի երազը եղած է։ Անկասկած։

Հարազատի հպարտութեամբ եւ նոյնքան ալ հաստատ կու գամ շարել այս տողերը։ Բարի է նպատակս, անոր համար կ՚ուզեմ բարձրաշունչ ահազանգել։ Լաւ յիշեցէ՛ք եւ յիշեցուցէ՛ք։ Սփիւռքի երկինքի տակ ամէն բան փայլուն չէ։ Գործնական լծուելու հրաւէր է այս։

Իսկ գալով մեր վարչապետին, թող լաւ գիտնայ, որ մենք մեր հայրենիքը կը փնտռենք, ինչպէս թիթեռնիկը՝ ճրագը։ Ան նաեւ թող իմանայ, որ այն ժողովուրդները, որոնք զուրկ են հոգեկան դէմքէն, ըսելիք եւ ընելիք չունին, լոյս մը չկայ իրենց ճամբան լուսաւորող, կոչուած են մոռացութեան գիրկը իյնալու։ Հաւանաբար Փաշինեան վարչապետը կամ 21-րդ դարու մեր նոր «յեղափոխական»-ը,  կամ՝ մեր այս նոր «սուրհանդակ»-ը գիտէ այս բոլորը։ Բայց …գիտնալը բաւարար չէ։ Գործադրել է պէտք։

Իրապաշտ կերպով կ՚ուզեմ ըսել։ Պէտք է…։ Ու մեր ակնկալած «պէտքեր»-ը շատ են։

Այսպէս.- Հաւատք եւ վստահութիւն դնել ժողովուրդի ուսերուն։  Կամուրջ նետել կապուիլ ժողովուրդին հետ։ Մեր վերապրումը բաժակաճառերով չըլլար։ Փողոցները փակելով տեղ չենք հասնիր։ Կեանքը կ՚ապրի եւ մեզի չի սպասեր։ Արտագաղթ, գործազրկում, աղքատու-թիւն, ապօրինացումներ, դատավարութիւն։ Հարց-խնդիրները նոր չեն եւ յոյսը չէ կտրուած։

«Փաշինեանը կու գայ»։

Կ՚ըսեն, թէ տակաւին Երեւանեան աղբերու հարցը լուծում չէ գտած եւ թէ նոյն այդ աղբերը իրենց «հոտերով» հոս ալ հասած են։ Ամօթ մըն է։ Մենք առանձին չենք ապրիր, դրացիներ ունինք եւ մանաւանդ հազարաւոր զբօսաշրջիկ։ Հապա Ամուլսա՞րը։ Կը կարծեմ, որ «շան գլուխը» հոն թաղուած է։ Մեղքը իրենց վիզը։

Հարցեր կան ըսի եւ նոյնքան ալ սխալներ։ Որովհետեւ կարծես մեզմէ շատեր, ուրիշներու սիրտը առած ըլլան։ Յայտնի է.- անոնք սեփական սիրտ չունին եւ ոչ ալ սեփական ականջ։ Տեսանելի է, թէ շատերու իմացականութեան մէջ նստած է օտարը։ Սկսած են ուրիշներուն նմանիլ։ Դարձեալ մարդը, մարդուն ճակատագիրը դարձած է։ Ատելութիւն կայ եւ տեղեակ չեն, որ այդ ատելութեան մէջ տրամաբանութիւն չապրիր։

 

Գէորգ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30