Արդէն աւելի քան շաբաթ մըն է, որ հոս ենք եւ մեր տան պատշգամէն մեր առջեւ կը բացուի շարունակուող ողբերգութիւնը հայ անկախ պետականութեան Հիմնադիր Հայր՝ Արամի տան։ «Հին Երեւան Մոլ»-ին պատերը արդէն վաղուց բարձրացած են։ Անոնք բարձրացած են արհամարհական իրականութեամբ մը եւ կանգնած են հզօր՝ Արամի տան աւերակին դէմ յանդիման։
Ո՞ր կողմէն որ նայիք՝ շուկայական այս նոր համալիրին պեթոնէ կմախքը հետզհետէ գերիշխող կը դառնայ թաղի նեղսիրտ առօրեային վրայ։ Նեղսիրտ են այս փողոցները, քանի որ իրենք նախատեսուած չէին ինքնաշարժային այս խիտ ու ջղային երթեւեկին համար։ Նեղսիրտ են, քանի որ կայանուած ինքնաշարժերու դիզուածքը ոչ մէկ լուսանցք կը թողու մարդկային երթեւեկին համար։ Նեղսիրտ են, քանի որ կուտակուած է աղբը ամէն կողմ եւ կը մերժէ անհետանալ…Նեղսիրտ են, քանի որ թաղը անզօր է ինքն իր ճակատագիրը տնօրինելու։ Թաղը արդէն վաղուց չքացած է իր տեղը զիջելով բարձրայարկ շէնքերու անսիրտ կամայականութեան։ Այդ շէնքերէն մէկուն մէջ այժմ կը բնակինք նաեւ մենք։
Հանրապետութեան Հրապարակէն քայլ մը անդին, քաղաքի այս շրջանը խորհրդանշող երբեմնի անշուք եւ անսեթեւեթ բակերը իրենց մէջ-մէջի տուներու մեղուաբոյնով արդէն իսկ եղած են արմատախիլ եւ երեք նեղ գռիհներու կեանքէն ներս մտած է «Հին Երեւան Մոլ»-ի գոռոզ պահանջատիրութիւնը… Այսինքն տարիներէ ի վեր ծրագրուող այս փակ շուկան՝ որ պիտի տարածուի Արամ, Կողբացի եւ Բուզանդ փողոցներու հիւսուածքէն ներս իսպառ ջնջելով յիշատակը երբեմնի մտերմիկ Երեւանին։
Ան պիտի ջնջէ նաեւ յիշատակը Արամի տան, եթէ հանրութեան հաւաքական խղճմտանքը դուրս չգայ իր առասպելական թմբիրէն…
Պեթոնի զանգուածները հոգի չունին։ Անոնք չունին յիշողութիւն։ Անոնք նոր Հայաստան մըն են, որ առընչութիւն չունի իր ժառանգութեան հետ։ Անոնք կ՚ապրին առանց ինքնութեան, առանց կապի, առանց հաղորդութեան, առանց սիրոյ։ Անոնք չունին զգայարանք, չունին օրհներգ, չունին դրօշ, չունին զինանշան։ Անոնք չունին լեզու, չունին ուղղագրութիւն, չունին յստակ այբուբեն։ Անոնք չունին ձեռագիր, չունին հպարտ խտրականութիւն, չունին ոճ եւ ճարտարապետութիւն։ Անոնք երեսպատուած են պատմութեան կեղծ որմերով եւ հետեւաբար չունին պատմութիւն։ Չունին յանձնառութիւն իրենց ինքնութեան հանդէպ, քանի որ չունին ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ։
Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում