Արցախի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ գալ տարի, 2020-ին եւ միեւնոյն օրը պիտի կազմակերպուին թէ՛ նախագահական եւ թէ՛ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններ, որոնք ինչպէս նախորդները, պիտի ըլլան արցախեան ժողովրդավարութեան լաւ փորձաքար մը, իբրեւ լիովին կայացած պետութեան մը իշխանութիւններուն ձեւաւորման առիթ մը։
Արցախեան քաղաքական կեանքին հետեւող հայկական հանրային հասարակական կարծիքը անշուշտ տեղեակ է վերջին անցուդարձերէն, որոնց մէջ բաւական մտահոգիչ զարգացումներ բացայայտեցին սառցալերան մը ջուրին տակ թաղուած ըլլալու տպաւորութիւնը ձգող բաժնին կապուած իրադարձութիւններ՝ իրենց կանխատեսելի թէ աննախատեսելի հետեւանքներուն ամբողջ ծանրութեամբ։
Գաղտնիք մը չէ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն միջեւ անհամաձայնութեան մթնոլորտը, որուն մասին յստակօրէն արտայայտուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ «Նուվէլ Տ՛Արմէնի» (Ֆրանսա) պարբերականին տրուած հարցազրոյցին մէջ, ուր ան նաեւ ակնարկութիւն կատարեց հայաստանեան եւ արցախեան հասարակութիւններուն միջեւ ներդաշնակութեան մը գոյութեան, նշելով, որ այդ ներդաշնակութիւնը պիտի կայանայ նաեւ իշխանութիւններուն մակարդակին վրայ՝ Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն միջոցով։ Այսինքն՝ արցախեան ընտրութիւնները իշխանութեան գլուխ կրնան կամ պիտի բերեն անոնք, որոնք Երեւանի իշխանութիւններուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունին։Կամ՝ Երեւանի նախկին իշխանութիւններուն հետ կապեր չունին։
Երեւան- Ստեփանակերտ անհամաձայնութիւններուն աղբիւրը յստակ է, որ առաւելաբար կապակցութիւն ունի Արցախի իշխանութիւններուն եւ Երեւանի նախկին իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութեան եւ յարաբերութիւններու, որոնց բնոյթին մասին նախապէս տարբեր առիթներու վարչապետ Փաշինեան մեկնաբանութիւններ եւ բնորոշումներ հրապարակած է՝ քողարկուած քննադատութիւններ յղելով նաեւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն կամ իշխանութեան ներկայացուցիչներու հասցէներուն։
Թէ Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները ինչպիսի իշխանութիւններ պիտի յառաջացնեն, ժամանակի խնդիր է, եւ անոնց կայացումէն ետք միայն կարելի է յստակօրէն ըսել, թէ Երեւան- Ստեփանակերտ յարաբերութիւնները ինչ ընթացք եւ բնոյթ պիտի ստանան։ Հիմա խնդիրը ատիկա չէ։
Ներկայիս մտահոգիչը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ անոնց համակիր օտար քաղաքական գործիչներուն վարքագիծն ու մեկնաբանութիւններն են, որոնք հայկական ճակատին ուշադրութեան եւ ապա առ այդ կանխարգելիչ քայլերու պէտք է առաջնորդեն։
Ա․ Ա․
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում