Արցախի անկախութեան հռչակման տօնակատարութենէն ճիշդ շաբաթ մը ետք՝ սեպտեմբեր 8-ին պիտի կատարուին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները:
Պարզ թուականներու զուգադիպութիւն մը չէ ասիկա, այլ՝ արիւն հոսեցնելով ու նահատակներ տալով կերտուած անկախութեան մը արդիւնքներէն մէկն է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կառոյցը, որ բնականաբար պետութեան մը կառավարման համակարգին կարեւորագոյն եւ հիմնական սիւնն է:
Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները ունեցած են եւ դեռ պիտի ունենան իրենց քաղաքական արժէքը: Պետութեան համեմատաբար կեդրոնացեալ գործելաձեւը լուսանցքային եւ երկրորդական դեր վստահած է ինքնին տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն: Կացութիւն մը եւ կրկնուող երեւոյթ մը, որ ժխտական պատկեր կը ստեղծէ եւ հարցադրումներու դուռ կը բանայ: Այս ընտրութիւնները մէկ անգամ ընդմիշտ պէտք է վերահաստատեն այդ մարմիններուն գործօն դերակատարութիւնը, ի խնդիր աւելի ամուր ու հաստատ ժողովրդավար եւ ապակեդրոն պետութիւն մը կառուցելու:
Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ճամբով գործելը շատ աւելի արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ։ Կարճ ժամանակաշրջանի մէջ, քաղաքական, տնտեսական, կրթական, ընկերային եւ մշակութային բնագաւառներէն ներս անկիւնադարձային եւ յիշատակելի բարեփոխումներ կրնան իրագործուիլ:
Կարդացեք նաև
Անգամ մը եւս տեղին է մատը վէրքին վրայ դնել ու մատնանշել, թէ ցաւօք տարիներէ ի վեր, 28-ամեայ անկախութիւն ունեցող Արցախի կառավարման համակարգը չափազանց կեդրոնացեալ ձեւով կը գործէ, չէզոքացնելով եւ մեկուսացնելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններու գործունէութիւնը: Երեւոյթ մը, որուն համար շարունակ պայքարած է Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը, միշտ ալ գերադասելով ապակեդրոն գործելաձեւը եւ ինքնաբերաբար առաջնահերթ նկատելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն ներկայութիւնն ու պաշտօնը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում