Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կարո Փայլան. Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը որեւէ քայլ չէ կատարած ի յայտ բերելու համար «փոկրոմին» պատասխանատուները

Սեպտեմբեր 06,2019 11:38

64 տարի անցած է 6-7 սեպտեմբեր 1955-ին պատահած այն «փոկրոմէն», որ անգամ մը եւս պատճառ դարձած է Թուրքիոյ փոքրամասնական հասարակութիւններու կործանումին։ Հակառակ այս իրականութեան, Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի ցարդ որեւէ քայլ չէ կատարած ի յայտ բերելու համար «փոկրոմին» պատասխանատուները։

1955-ի դէպքերուն պատասխանատուները ի յայտ բերելու, պատահած մարդկային եւ նիւթական կորուստները ճշդելու, տուժած անձերու եւ հաստատութիւններու նիւթական ու բարոյական կորուստները հատուցելու եւ, ուշացած իսկ ըլլայ, արդարութիւնը վերահաստատելու նպատակով պահանջած ենք խորհրդարանական հետաքննութիւն։

Պահանջագիրը՝ ամբողջութեամբ

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ

64 տարի անցած է այն դէպքերէն մինչեւ այսօր, երբ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները ապրած են իրենց փլուզումին պատճառ դարձած պատահար մը։ Հակառակ այս իրականութեան, Ազգային մեծ ժողովը ցարդ ոչինչ կատարած է ի յայտ բերելու համար այս դէպքերուն պատասխանատուները։

Հետեւաբար, ըստ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ ներքին կանոնադրութեան 104-րդ եւ 105-րդ յօդուածներու, 6-7 սեպտեմբեր 1955-ին պատահած Փոկրոմը կազմակերպած եւ ծրագրած պետական պաշտօնեայ ու պարզ քաղաքացի հանդիսացող պատասխանատուները ի յայտ բերելու, մարդկային ու նիւթական կորուստներրը ճշդելու, տուժող անձերուն ու կազմակերպութիւններուն նիւթական ու բարոյական վնասները հատուցելու եւ այսպէսով անցեալին հետ առերեսում մը ապահովելու եւ, ուշացած իսկ ըլլայ, արդարութիւնը վերահաստատելու համար կ՚առաջարկենք խորհրդարանական հետաքննութեան մը իրականացումը։

ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒՄ

 6-7 սեպտեմբեր 1955-ի փոկրոմը,  6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան ամենասարսափելի իրադարձութիւններէն մէկն է, որուն հետ տակաւին առերեսում չէ կատարուած։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու, միայն Պոլսոյ մէջ  73 եկեղեցի, 8 լուսաղբիւր, 2 վանք, 5.538 բնակարան (որու 3.584-ի յունապատկան) եւ գործատեղի քանդուած, հրդեհուած ու թալանուած է։ Դարձեալ ըստ պաշտօնական տուեալներու, 60 կին բռնաբարութեան ենթարկուած, բազմաթիւ մարդիկ սպանուած են։ Նիւթին շուրջ կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ այս թիւերը շատ աւելի բարձր են, քան պաշտօնական տուեալները։ Բաց աստի, կատարուած ահաւոր ոճիրին անպատիժ մնալուն հետեւանքով, տասնեակ հազարաւոր յոյն, հայ, հրեայ եւ ասորի քաղաքացիներ ստիպուած լքած են երկիրը՝ տեղի տալով ճնշումներու եւ իրենց կեանքին դէմ կատարուած սպառնալիքներուն։

6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը յատկապէս Պոլսոյ եւ Իզմիրի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ վայրերու մէջ, յոյն, հայ, հրեայ եւ ոչ-իսլամ այլ փոքրամասնութիւններու պատկանող կալուածներուն թալանումը, բռնաբարութեան դէպքերը, հոգեւորականներուն դէմ իրագործուած բռնութիւնը, գերեզմանատուներու կողոպուտը եւ կատարուած մարդասպանութիւնները արձանագրուած են Թուրքիոյ ամօթանքի պատմութեան էջերուն վրայ։ Պատասխանատուները, ինչպէս հանրապետական շրջանի նման այլ դէպքերու պարագային, ո՛չ միայն մնացած են անպատիժ, այլեւ դէպքերուն մասնակիցները կամ պատասխանատուները պաշտօնի բարձրացում ստացած են։

Զոր օրինակ, 6-7 Սեպտեմբերի շրջանին Զօրաշարժի քննութեան յանձնաժողովի պատասխանատուներէն Սապրի Եիրմիպեշօղլու խոստովանած էր, թէ «6-7 Սեպտեմբերը յատուկ ջոկատայիններու աշխատանքն էր։ Հոյակապ կազմակերպութիւն մըն էր եւ իր նպատակին հասաւ»։ Հակառակ այս խոստովանութեան, տարիներու ընթացքին ան բարձրացած է պաշտօնի աստիճանները, 1988-1990 թուականներուն ալ եղած՝ Ազգային Ապահովութեան խորհուրդի ընդհ. քաղտուղարը։ Նոյնիսկ, Օքթայ Էնկին, որ Աթաթիւրքի Սելանիկի տան վրայ ռումբ արձակելով փոկրոմին ազդանշանը տուած էր, Սելանիկի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժնէն սկսած իր աշխատանքային կենսագրութեան մէջ 1992-93 տարիներուն հասած է մինչեւ Նեւշեհիրի կուսակալութեան պաշտօնին։

Սապրի Եիրմիպեշօղլուի վերոյիշեալ արտայայտութիւնները վերստին յիշել օգտակար կրնայ ըլլալ՝ հասկնալու համար, թէ ինչու 6-7 սեպտեմբեր 1955-ի փոկրոմն ալ, ինչպէս Թուրքիոյ պատմութեան այլ ոճիրները, կը մնայ չառերեսուած եւ պատասխանատուները՝ անպատիժ։ Կարելի է տեսնել, թէ ինչպէս պետութիւնը մասնակից է կարգ մը յանցագործութիւններուն եւ ազատ մնացած որպէս հետեւանք մէջտեղ եկած վիճակին պատասխանատուութենէն, ինչպէս նաեւ յանցագործները կը պարուրէ անպատժելիութեան ու հաշիւ չտալու վահանով։

Պատասխանատուները ո՛չ թէ պատժելու, այլ պարգեւատրելու մտայնութիւնը երբեք չէ փոխուած։ 2007-ին սպանուած «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի ոճրագործութեան մասնակից պաշտօնեաները ստացած են պաշտօնի բարձրացում եւ պարուրուած են անպատժելիութեան վահանով, ինչ որ լաւագոյն օրինակն է յիշեալ շարունակականութեան։

ԺԹ դարավերջէն սկսեալ պետութեան անարդարութեան քանիցս ենթարկուած հայ, յոյն, ասորի եւ հրեայ ժողովուրդները, 6-7 Սեպտեմբերի փոկրոմով անգամ մը եւս կործանած են։ Հակառակ անցած 64 տարիներուն, Ազգային մեծ ժողովը որեւէ քայլ չէ կատարած ի յայտ բերելու համար դէպքերուն պատասխանատուները։ 2015-ին Աթէնք բնակող Պոլսեցի յոյներու համաշխարհային դաշնացութեան այս ուղղութեամբ Ազգային ժողովին կատարած կոչն ալ մնացած է անպատասխանի։

6-7 սեպտեմբեր 1955-ի դէպքերուն պատասխանատուները ի յայտ բերելը, պատահած մարդկային եւ նիւթական կորուստները ճշդելը, տուժած անձերու եւ հաստատութիւններու նիւթական ու բարոյական կորուստները հատուցելը եւ ուշացած իսկ ըլլայ արդարութիւնը վերահաստատելը՝ անցեալին հետ առերեսուելու առումով կարեւոր քայլ մը պիտի ըլլայ Ազգային մեծ ժողովին կողմէ։ Այս պատճառով կը պահանջենք որ խորհրդարանական հետաքննութիւն մը կատարուի։

Կարօ ՓԱՅԼԱՆ
Տիգրանակերտի պատգամաւոր

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30