Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Պատերազմի վերսկսման որոշումը Պաքուի իրաւասութեան սահմաններուն մէջ չէ․ «Հայրենիք»

Օգոստոս 31,2019 10:10

«Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւն հասկացութիւն գոյութիւն չունի։ Շրջանը ունի ատրպէյճանական եւ հայկական համայնքներ եւ ոչ մէկ պարագայի Ատրպէյճան պիտի ընդունի ներկայի Սթաթիւս Քոն։ Մեր համերութիւնն ալ անսահման չէ», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը՝ հակադարձելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի վերջին յայտարարութեան, թէ Ատրպէյճան՝ իր հայատեաց քաղաքականութեամբ, կը շարունակէ վտանգ մը ըլլալ Արցախի բնակչութեան։
Պաքուի այս դիրքորոշման մէջ երկու կարեւոր հանգամանքներ կան եւ որոնց մէջ ամփոփուած է ատրպէյճանական քաղաքականութեան ամբողջ էութիւնը։Առաջինը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի այսպէս կոչուած հայկական համայնքին, որ նախկին խորհրդային կարգերուն կողմէ ինքնավարութեան իրաւունքով իրաւասութիւնը ունէր իր ներքին գործերը դասաւորելու։

Խորհրդային ժամանակաշրջանին, Ատրպէյճան իր պետաիրաւական եւ վարչական ամբողջ ներուժը եւ կարողութիւնները ի գործ դրած էր՝ ձեւականութեան ծիրի մը մէջ պահելու համար Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան իրաւունքը, աւելի խոչընդոտելով Հայկական Արցախին զարգացման հոլովոյթը, արգելակելով ենթակառոյցներու, վարչական թէ այլ բնագաւառի բնական գործունէութիւնը՝ արցախցիները մղելով, որ յաճախ եւ ներկայացած ամէն յարմար առիթով բողոք ներկայացնեն Մոսկուա՝ ատրպէյճանական այս հակահայ քաղաքականութեան դէմ։

Այդ օրերուն ատրպէյճանական մտածողութեան մէջ արմատացած էր հայկական համայնք հասկացողութիւնը, իբրեւ զէնք Արցախի հայկական պատկանելիութեան խեղաթիւրման համակարգուած մեքանիզմի մը։ Ատրպէյճանի համար գոյութիւն պէտք չէ գոյութիւն ունեցած ըլլար ոչ Պատմական Հայաստանի Արցախ գաւառը եւ ոչ ալ արցախցին, իր ինքնորոյն բարբառով եւ պատմութեամբ, եթէ յանկարծ նման գոյութեան մասին փաստ, վաւերաթուղթ, պատմական անժխտելի վկայութիւն յայտնուէր՝ ատրպէյճանցիները վայնասիւն արձակելով՝ կ՛աճապարէին երեւակայածին տեսութիւններով ողողել հրապարակը, թէ շրջանը «պատմական Ատրպէյճանի մէկ մասն է, ուր համերաշխօրէն ապրելու կոչուած են հայկական եւ ազրպէյճանական համայնքները»։ Սուտ եւ կեղծ դրոյթ մըն էր ասիկա, որմէ ներկայիս մնացած է «հայկական եւ ատրպէյճանական համայնքներ» ըսելաձեւը։ Այլ խօսքով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան վերջին յայտարարութեան մէջ գործածուած այս դրոյթը հինէն ժառանգուած կեղծ մտայղացում մըն է։

Պատմական Ատրպէյճան բնականաբար գոյութիւն չէ ունեցած եւ արցախցիներու իրենց հայրենի հողերուն վրայ կեցութեան եւ դարաւոր պատմութեան վերաբերեալ որեւէ նիւթ պիտի արժանանար ատրպէյճանական բուռն հակազդեցութեան մը՝ խեղաթիւրման եւ նենգափոխման երանգներով յորդած պետական քաղաքականութեամբ մը։
Երկրորդ հանգամանքը ներկայի գոյավիճակին կը վերաբերի։ Ամէն առիթով Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը սպառնան Արցախի իրավիճակը փոխել՝ «Ատրպէյճանի պատկանող հողերը ազատագրելով»։ Սպառնալիք մը, որ ամէնէն աւելի ատրպէյճանցիներուն համար յստակ է, որ անիրականալի է, ոչ պարզապէս այն պատճառով, որ պատերազմի վերսկսման որոշումը Պաքուի իրաւասութեան սահմաններուն մէջ չէ։

Ա․Ա․

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031