Ամուլսարի հանքավայրի հանքաքարին քանակը՝ ոսկիով եւ արծաթով, բաւական հակասական տուեալներ ունի։ Օրինակի համար, ըստ նախագիծին, վերամշակուելիք հանքաքարը 89376300 թոն է, ուր ոսկին 73733 քիլոկրամ է, իսկ արծաթը՝ 294 թոն։ Հանքին արտահանման պարագային, ոսկիէն հազար հարիւր քիլոկրամ պիտի կորսուի, իսկ արծաթէն՝ չորս թոն։ Ուրեմն արտահանուած ոսկին 72633 քիլոկրամ, իսկ արծաթը՝ 290 թոն արտահանուած ոսկիին ութսուն եօթը առ հարիւրը, եւ արծաթին քառասուն երեք առ հարիւրը պիտի կորզուի, ինչ որ ոսկիի պարագային 63191 քիլոկրամ է։ Այսօրուան սակով աւելի քան երեք միլիառ է։
Այսինքն ընկերութիւնը այս գումարը պիտի շահի ոսկիէն։ Բայց կ՛ըսուի, որ Լիտիան Արմենիա հինգ միլիառ տոլարի ներդրում պիտի կատարէ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ։ Այլ խօսքով, եթէ այսպէս է, ապա պակասորդը կը կազմէ շուրջ երկու միլիառ տոլար է։ Շատ հաւանաբար ընկերութիւնը պակասորդը վերացնելու համար պիտի իւրացնէ հանքավայրին մէջ գտնուող միւս օգտակար տարրերը, ինչպէս՝ երկաթ, կալիում, պերիլիում, կապար, ծարիր, մկնդեղ, նիքէլ, պղինձ, սնդիկ, թայթըն, զինկ, եուրանիոմ,վանատիում եւ այլ տարրեր։
Ամենայնդէպս՝ Ամուլսարի ոսկիի հանքին շահագործման խնդրին էութիւնը խորքին մէջ տնտեսաքաղաքական հետեւանքներով յղի թղթածրար մըն է, որ կարիքը ունի ճիշդ որոշումներու, որոնք երկարաժամկէտ քաղաքականութեան որդեգրմամբ կոչուած են ապահովելու եւ երաշխաւորելու Հայաստանի կենսոլորտային մաքրութիւնը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հանրաքուէ առաջարկեց։ Հարցն ալ համահայկական խնդիր է, որովհետեւ կ՛առնչուի ազգային- ռազմավարական ապահովութեան։ Երբ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ժողովրդային շարժման օրերուն վարչապետ Փաշինեան կը յայտարարէր, որ ճակատագրական խնդիրներու պարագային որոշումը եւ վճիռը ժողովուրդը պիտի տայ, Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրին շահագործման թղթածրարը ի մտի ունէ՞ր։ Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ գերազանցապէս տնտեսական այս ճակատագրական խնդիրը ժողովրդային հանրաքուէով վճռուելիք խնդրի մը բնոյթը ունի։ Միայն թէ այս պարագային՝ մեկնաբանութեան խնդիր է՝ իշխանական խմբակցութեան կողմէ հրապարակ նետուած այն տեսութիւնը, թէ ժողովուրդը, ճիշդ է, որ ինքն է որոշում կայացնողը, բայց….. իշխանութեան վստահութեան քուէ տուած է, որպէսզի հարցերուն շուրջ վճիռներ արձակէ։
Կարդացեք նաև
Վերջին հարցադրում մըն ալ ինքզինք կը պարտադրէ։ Ամուլսարի ոսկիի հանքը արդեօ՞ք կառավարութեան Աքիլլէսի կռունկը պիտի ըլլայ։
Ա․Ա․
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում