Ամուլսարն է հայորդին մտահոգողը, հոգին կճողն ու խայթողը։ Ահաւասիկ ցայտուն օրինակ մը՝ թէ՛ ընկերային եւ թէ՛ տնտեսական ոլորտէն ներս ինչպէ՞ս կը գործէ երկրի ներկայ «նէօ-լիպերալ» կառավարութիւնը։ Նախապէս արդէն, զանազան այլ նիւթերու եւ հարցերու առնչութեամբ ներկայ ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու հնչեցուցած միտքերն ու արտայայտած գաղափարները կ՛արտացոլացնեն «նէօ-լիպերալ» տրամաբանութիւնն ու գործելաձեւը։
Շուրջ տաս հազար ոտք (երեք հազար մեթր) բարձրութեան վրայ գտնուող այս գեղեցիկ շրջանէն ներս, կարելի է վայելել թաքուն բնութիւնը, շնչել ջինջ ու մաքուր օդը, հեռու մայրաքաղաքի մը հեւքէն կամ Հիւսիսային Պողոտայի մը ստեղծած շուայտ ու զեխ տեսքէն։ Սակայն, «նէօ լիպերալ»-ին համար ալֆան եւ օմեկան՝ հանքեր պեղել, նիւթական շահ ապահովել, պարզ ու մեկին՝ ազատ շուկայի համակարգը զօրացնելն է։
«Նէօ-լիպերալ» տիպարին համար, երկրորդական է կենսոլորտի եւ կլիմայական պայմաններու փոփոխութիւնը, նաեւ ապականացման արդիւնք քաղցկեղ յառաջացնող եւ մահացու հիւանդութիւններու տարածումը։
Անընդունելի է այդ Ամուլսարի կանաչ տարածքը (փոքր Կրինլէնտ մը) տեսնել «սափրուած», քիմիական աւերիչ նիւթեր տարածող ծխնելոյզներ, հանքային զանազան եւ զարմանազան թունաւոր հեղուկներ փոխադրող խողովակներ, որոնց աւարտը կրնան ըլլալ ի վերջոյ Դարբ, Որոտան, Արփա եւ անշուշտ Սեւան, որ արդէն իսկ կը տառապի կենսոլորտային վտանգաւոր հարցերէ։
Կարդացեք նաև
Համաշխարհայնացած տնտեսական «նէօ-լիպերալ» աշխարհի մէկ մասնիկն է Ամուլսարի բնական պաշարներու օգտագործումին ետին կանգնող ՝ «Լիտիըն Արմինիա»-ն, որուն դէմ «ջերմ» պայքարողն է ջերմուկցին, սարը ամուր (եւ ո՛չ ամուլ) պահող ամուլսարցին եւ անշուշտ ու յատկապէս «նէօ-Լիպերալ» տրամաբանութեան եւ արժեհամակարգին դէմ պայքարող հայորդին։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում