Արձանագրենք միջազգային բեմին վրայ վերջերս արձանագրուած քանի մը կէտ, տեսնելու համար, թէ անոնք ինչպէ՛ս եւ ո՛ւր կը միանան իրարու, որպէսզի նաեւ զգանք, թէ ինչպիսի՛ իրական եւ շինծու «Դամոկլեան սուրեր» կը կախուին մեր գլուխներուն վերեւ, եւ այդ սուրերը ինչպիսի շահագործումի, չարաշահութեա՛ն առիթ կու տան կախողներուն։
Ա. Միացեալ Նահանգներու նախագահը որոշեց պաշտօնապէս խզել նախկին Խորհրդային Միութեան հետ 1987ին ստորագրուած՝ Միջին հասողութեամբ կորիզային հրթիռներէ հրաժարելու համաձայնագիրը. նորութիւն չէ. Թրամփ այս որոշումը սկզբնապէս տուած էր շուրջ 6 ամիս առաջ (սա՝ իր նախորդներուն իրականացուցած համեմատաբար դրական քայլերը չեղարկելու «սխրանքներուն» ճամբուն իւրայատուկ քայլ մըն է, կը նպատակադրէ «Ամերիկան դարձեալ հզօր դարձնել», ի հարկին աշխարհը քանդելու կամքով)։ Համաձայնագիրին ջնջման առնչութեամբ, Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ մեղադրանքներու հեղեղներ հոսեցան. Եւրոպացիք ընդհանուր առմամբ դժգոհ մնացին, հասկցնելով, որ աշխարհը դէպի նոր Պաղ Պատերազմի մը սեմը առաջնորդող նման քայլեր բարենպաստ չեն որեւէ մէկուն։ Վաղը նման էջ կրնայ բացուիլ հեռահաս հրթիռներու համաձայնագիրներուն մասին ալ։ Ի դէպ, այդ հրթիռները ստեղծուած են… չգործածուելու դիտաւորութեամբ, սակայն հսկայական գումարներ կը հոսեցնեն դէպի որոշ գանձանակներ։ Կատակասէրներ կ՛ըսեն, որ Թրամփ կրնայ վաղը ճօճանակի նոր խաղ մը սկսիլ Ռուսիոյ հետ, ինչպէս ըրաւ Հիւսիսային Քորէայի պարագային, նախ վատաբանելով անոր նախագահը, յետոյ հանդիպումներ ունենալով անոր հետ, միջանկեալ՝ դարձեալ վատաբանելով զայն…
Բ. Ռուսիոյ տափաստաններուն մէջ անտառային հրդեհներ բռնկած են. Թրամփ փութաց աջակցութեան ձեռք երկարելու Փութինին, ըսելով, որ Միացեալ Նահանգներ ունի բարձրորակ հրշէջ սարքեր։ Հոս ալ կատակասէրներ տեսան «ապրանք գովազդելու» յետին նպատակ…
Գ. Միացեալ Նահանգներու պիւտճէին մէջ, պաշտպանութեան մարզին տրամադրուած գումարը զգալի բարձրացում մը եւս արձանագրած է. այսպէսով, պաշտպանութեան պիւտճէն 121 միլիառ տոլար աւելի է, քան յաջորդ 144 երկիրներու պաշտպանութեան պիւտճէներուն գումարը։ Սա կը կատարուի ի հեճուկս այլ մարզերու, մեծ մասամբ՝ ժողովուրդին օգտակար ըլլալու մարզերուն, նաեւ՝ այլ երկիրներու (որոնց շարքին՝ մեր Արցախին) տրամադրուած մարդասիրական նպաստներուն։ Բացը կը հասնի 1.1 թրիլիընի. այսինքն՝ ընդհանուրին մօտաւորապէս քառորդը։ Ըստ պաշտօնական հաշուարկներու, տրատուի մը վճարած իւրաքանչիւր տոլարին շուրջ 24 սենթը կը տրամադրուի պաշտպանութեան ծախսերու, որուն դիմաց միայն 5.3 սենթ կ՛երթայ կրթութեան, ուժանիւթի, կենսոլորտի պաշտպանութեան, միջազգային կարիքներու եւ գիտութեանց՝ միասին առած։ Հոս, կատակասէրները կը նախընտրեն լուռ մնալ…
Կարդացեք նաև
Դ. Թրամփ քանի մը տեսիպէլ եւս բարձրացուցած է Իրանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու շեփորին ձայնը, կ՛աշխատի Ծոցի շրջանին մէջ քարիւղատարներու հսկողութեան միջազգային ուժ մը – նաւատորմ, զինական այլ սարքեր – հաւաքագրել. Իրանին հետ Օպամայի օրով գոյացած համաձայնագիրին ջնջումէն ասդին, կամուրջին տակէն բաւական ջուր հոսած է։ Հոս ալ եւրոպացիք վերապահ են եւ կը փորձեն «իմաստուն» ղեկավարին հասկցնել, թէ նման քայլերու հետեւանքներէն՝ ոչ ոքի համար բարիք կը ծնի։ Սակայն ռազմատենչ խմբաւորումներ այդպէս չեն մտածեր եւ կը սպասեն թրամփեան «յաղթարշաւ»-ին պտղաբերման։ Յիշողութենէ զուրկ չեղող կատակասէրներ կ՛ըսեն, որ վաղը այս պատկերը կրնայ վերատեսութեան ենթարկուիլ. ատենին, Քուէյթը գրաւող Սատտամ Հիւսէյնի դէմ ալ պատերազմի նետուելու ամերիկեան թմբկահարումը զգուշաւորութեամբ դիտուեցաւ եւրոպացիներու կողմէ, սակայն երբ «շուկան» բացուեցաւ, բոլորը փութացին մասնակցելու Իրաքի ռմբակոծման ու այլ պատժամիջոցներու, որպէսզի «քարիւղի կարկանդակ»էն անմասն չմնան։ Մնացեալը իրականացած պատմութիւն է։
Ե. Միացեալ Նահանգներ մերթ Չինաստանի, մերթ Ռուսիոյ դէմ կ՛որդեգրեն տնտեսական պատժամիջոցներ (չմոռնանք Իրանն ու ուրիշներ). հետզհետէ աւելի՛ բացայայտ կը դառնայ, որ նման պատժամիջոցներու ետին կայ շահոյթ հետապնդող շարք մը մեծ ընկերութիւններու վճռորոշ խօսքը։ Ոչ-կատակասէրներ կը յիշեցնեն, որ նոյնինքն Թրամփ մօտիկ անցեալին պատժամիջոցներ որդեգրեց եւ հարկեր հաստատեց նաեւ Քանատայէն ու Մեքսիքայէն ներածումներու (պողպատաշինութեան եւ այլ արտադրանքներու) վրայ, յետոյ զանոնք չեղարկեց. ո՞վ գիտէ. որո՞ւն ոտքին ծուռ կոխած էր, կամ որմէ՞ ի՞նչ խոստում ստացաւ…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այս համարում