«Ասպարեզ». ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու շրջանային ատեանին կողմէ 11 Յուլիսին արձակուած որոշումով կարելի պիտի ըլլայ շարունակել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ Պարգեւ եւ Կարօ Ղազարեաններու անունով բացուած դատը, որ Անգարան կ՛ամբաստանէ նշեալներուն կրօնական եւ մշակութային իրաւունքները ոտնակոխելու յանցանքով։
Հարցը ծագած է, երբ Թուրքիոյ գործակալները սպառնալով ճնշումներ բանեցուցած են Կլենտէյլէն (Քալիֆորնիա) Պարգեւ Ղազարեանի վրայ եւ վարկաբեկած են զայն, երբ ան 2017-ին կը փորձէր իր կրօնական եւ մշակութային իրաւանց համաձայն՝ այցելել պատմական Քեսապնի ուխտատեղին՝ Պալլումի մէջ, որ ներկայիս կը գտնուի Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ։
Դատին մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները նաեւ արգելք հանդիսացան Պարգեւին, որ որոշ ուխատեղիներու յատուկ ազգային աւանդութիւնները ազատօրէն փոխանցէ իր զաւակին՝ Կարոյին։
Դատը բացուած է «Քերքոնեան Տաճանի» իրաւաբանական հիմնարկին կողմէ, որ կը շեշտէ, թէ թրքական կողմին առած քայլերը մաս կը կազմեն Թուրքիոյ բնիկ հայ քրիստոնեաներուն իրաւունքները ոտնակոխելու յատուկ քաղաքականութեան մը։
Կարդացեք նաև
Այժմ ամերիկեան ատեանը պիտի սպասէ Անգարայի պատասխանին։