Շաբաթավերջին, 3 Օգոստոս 2019, Շաբաթ, յետ միջօրէին աննախընթաց երեւոյթ մը պարզուեցաւ Եշիլգիւղի մէջ։ Հանրապետութեան շրջանի պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ Եկեղեցւոյ հիմնարկէք կատարուեցաւ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի։ Ասորի Համայնքի գործածութեան համար Սբ. Եփրեմ (Մոր Էֆրէմ) Եկեղեցւոյ հիմնարկէքը տեղի ունեցաւ։
Բարձրաստիճան այլ հրաւիրեալներու կարգին Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւս հրաւիրուած էր սոյն հիմնարկէքին։ Նորին Սրբազնութեան կ’ուղեկցէր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պատկ. Կրօն. Ժող. Ատենապետ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։
Հանրապետութեան Նախագահի ժամանումէն ետք սկսաւ հիմնարկէքի արարողութիւնը, որու ընթացքին նախ արտայայտուեցաւ Վսեմ. Նախագահը, որ մատնանշեց, թէ մարդն ու մարդկային արժէքները կ’ընդունին իբրեւ ուղեցոյց եւ այդ առումով ուրախութիւն է եղբայրական սոյն մթնոլորտին մէջ կատարուած արարողութիւնը։ Ապա արտայայտուեցաւ Ասորւոց Մետրոպոլիտ Մոր Ֆիլուքսինոս Եուսուֆ Չէթին, որ շեշտեց, թէ Ասորի Եկեղեցին ունէր երկու հազար տարուան պատմութիւն եւ սոյն հոլովոյթին մէջ առաջին անգամն էր, որ երկրի մը Նախագահը Եկեղեցւոյ հիմնարկէք կը կատարէր։ Այս առթիւ Ան խօսք ուղղեց նաեւ շնորհակալութեան։
Հանրապետութեան Նախագահը Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի հետ ունեցած իր զրոյցի ընթացքին բարեմաղթութիւններ յղեց Հայ Համայնքին ու մատնանշեց նաեւ Պատրիարքական ընտրութիւնները եւ յայտնեց, թէ կը փափաքէր որ Աթոռը շուտով տիրանար իր գահակալին։
Կարդացեք նաև
Պոլսո հայոց պատրիարքություն