«Ասպարէզ» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր Աբօ Պողիկեան, որ ներկայիս թերթին տնտեսական հարցերու տնօրէնն է, 1 Սեպտեմբերին պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն, Հայաստան հաստատուելու նպատակով։
Անոր՝ «Ասպարէզ»ի մէջ պաշտօնավարութիւնը տասնամեակներու վրայ կ՛երկարի։ 1985ին ան դարձաւ թերթին հայերէն բաժինի խմբագիրը, զգալիօրէն ընդարձակելով թերթին լրատուական ծաւալը եւ ընթերցողներու թիւը։ 1990ին ան հաստատուեցաւ Հայաստան, ուր հիմը դրաւ ՀՅԴի մամլոյ եւ տեղեկատուական կեդրոնին, որուն նպատակն էր ամէնօրեայ լուրեր հաղորդել նորանկախ Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ Արցախի ազատագրական պայքարի ճակատներէն։ Կեդրոնը նաեւ ստանձնած էր Հասատանէն եւ Արցախէն լրատուութիւն կատարելու համար ժամանող օտար լրագրողներուն թարգմանական, փոխադրութեան եւ այլ ծառայութիւններ մատուցելու պարտականութիւնը։
Պողիկեան նաեւ դարձաւ Հայաստանի ՀՅԴի պաշտօնաթերթին՝ «Երկիր»ին հիմնադիր խմբագիրը։ Ան նաեւ մաս կազմած է «Երկիր Մեդիա» պատկերսփիւռի կայանի վարչութեան։
Միացեալ Նահանգներ վերադառնալով, Պողիկեան 2008ին վերստանձնեց «Ասպարէզ»ի խմբագիրի պաշտօնը։
Կարդացեք նաև
Նյութն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթում