Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ինչպէ՞ս կրնանք հայ մամուլի համահայկական ցանց մը ստեղծել

Հուլիս 08,2019 23:43

Սոյն յօդուածը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եզրափակիչ պատգամին, արտասանուած հայ մամուլի տարուան առթիւ Կաթողիկոսարանէն ներս կազմակերպուած համագումարի փակման նիստին, 4 Յուլիս, 2019-ին

Հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համագումարը իր աւարտին հասաւ։ Արդարեւ, քննարկուած նիւթերը այնքա՜ն բազմազան էին ու այլազան, արծարծուած խնդիրները այնքա՜ն այժմէական էին ու հրատապ, հայ մամուլին դիմագրաւած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները այնքա՜ն բազմաբնոյթ էին, մեր հայեցակէտերն ու արժեւորումները այնքա՜ն տարբեր էին, որ կարելի չէր երեք օրերու ժամանակամիջոցի ընթացքին զանոնք խոր վերլուծումի ենթարկել։ Հետեւաբար, կարելի չէ համագումարի աշխատանքներուն եզրայանգում կատարել։ Արդ, հայ մամուլի ներկային ու ապագային հետ աղերս ունեցող հարցերու քննարկումները անհրաժեշտ է որ շարունակուին։ Համագումարի այս վերջին նիստին, կ’ուզեմ կարգ մը յիշեցումներ կատարել ու մտածումներ բաժնել ձեզի հետ յառաջատեսիլ հայեցակէտով։

1) Ամէն բանէ առաջ, կ’ուզեմ բարձրագոյն աստիճանի գոհունակութեամբ հաստատել, որ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի զանազան շրջանակները ներկայացնող մամլոյ մշակներուն միատեղ ներկայութիւնը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ ո՛չ միայն հայ մամուլի, այլ նաեւ հայ մամուլի ճամբով մեր ազգն ու հայրենիքը յուզող խնդիրներուն մասին միասին խօսիլը, մտածելը, տագնապիլը եւ համագործակցութեան ճամբաներ որոնելը՝ հրամայական ու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է ու միաժամանակ պարտաւորութիւն։ Պատի՛ւ ձեզի, որ ձեր ներկայութեամբ ու գործօն մասնակցութեամբ մեր համահայկական մտահոգութեան կիզակէտերէն մէկը դարձուցիք հայ մամուլը։

2) Հակառակ մեր ունեցած տարբեր մօտեցումներուն, շեշտաւորումներուն ու հայեցակէտերուն, մենք իրարու հետ խօսեցանք անկեղծօրէն ու իրապաշտ մօտեցումով։ Մեր տարբերութիւնները մեզ չառաջնորդեցին բեւեռացումներու, որովհետեւ մեր նպատակը նո՛յնն էր՝ հայրենիքի հզօրացումը եւ մեր ազգին ընդհանրական ու գերագոյն շահերու պաշտպանութիւնը, արժէքներու պահպանումը եւ իտէալներու իրագործումը։ Այս մօտեցումը պէտք է արմատանայ մեր մտածումներուն ու գործերուն մէջ ամէ՛ն տեղ ու բոլո՛ր մակարդակներու վրայ։ Այլ ընտրանք չունինք։

3) Ամբողջութեամբ կը բաժնեմ ձեր արտայայտած մտահոգութիւնները, ձեր տագնապն ու սպասումը։ Անոնք միայն ձերը չեն, այլ մեր բոլորինը։ Հայ մամուլը մեզի համար, ըսի՛նք ու միշտ պիտի յիշեցնենք, սովորական լրատուական միջոց չէ, այլ սրբազան նպատակի լծուած առաքելութիւն է։ Այս գիտակցութենէն մղուած, ներկայ տարին հռչակեցինք “Հայ մամուլի Տարի”։ Այս նախանձախնդրութենէն մեկնած, սոյն համահայկական համագումարը կազմակերպեցինք եւ բոլորս հաւաքական նո՛յն պատասխանատուութենէն մղուած խօսեցանք իրարու հետ՝ մամուլին դիմագրաւած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները դարձնելով մեր խորհրդածութիւններուն առանցքը։ Որպէս առաքելութիւն, հայ մամուլը համահայկական արժէք կը ներկայացնէ եւ, հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ ան անվերապահօրէն վայելէ մեր հայրենիքին, եկեղեցւոյ, կազմակերպութիւններուն ու մեր ազգին ջերմ հոգածութիւնն ու ամուր զօրակցութիւնը։

4) Յաճախ յիշեցինք, որ հայ մամուլին առաքելութիւնը համապարփակ է եւ անոր աշխատանքին ծիրը լայնատարած։ Այս իրողութենէն մեկնելով, մեր քննարկած նիւթերը եղան բազմաբնոյթ ու բազմատարածք, յաճախ հեռու պահելով մեզ անհրաժեշտ վերլուծումէ ու խորացումէ։ Հետեւաբար, կարեւոր կը նկատենք հրապարակային դասախօսութիւններու, բանավէճերու, սեմինարներու ու յօդուածաշարքերու ճամբով խորքային քննարկումի ենթարկել մամուլին առնչուած առաջնահերթ խնդիրները։ Մամլոյ մշակներու առընթեր, պէտք է լսենք նաեւ ժողովուրդը՝ անոր արժեւորումը ու սպասումը։ Չմոռնանք, որ մամուլը առանց ժողովուրդի կը կորսնցնէ իր գոյութեան պատճառը։ Արդ, ներկայ համագումարը պէտք է շարունակուի այլ ձեւերով։

5) Առանց ազատութեան, մամուլ գոյութիւն չունի։ Մնայուն կերպով անդրադարձանք մամուլի ազատութեան՝ շեշտելով զայն երաշխաւորելու ու յարգելու պարտաւորութիւնն ու իրաւունքը՝ թէ՛ պետութեան եւ թէ մամուլ հովանաւորող կազմակերպութիւններուն կողմէ։ Այս ծիրէն ներս, նաեւ կենսական համարեցինք բազմակարծութեան առաւել զարգացումն ու ծաւալումը։ Խօսեցանք պատասխանատու ու համարատու ազատութեան, ինչպէս նաեւ մամլոյ բարոյական պարտաւորութեան մասին, որ կ’ենթադրէ ըլլալ՝ ժողովուրդի կամքին արտայայտիչը, ճշմարտութեան պաշտպանը ու արդարութեան ձայնը։ Միաժամանակ յիշեցուցինք, թէ մամլոյ ազատութիւնը մղիչ ուժ պէտք է դառնայ կառուցողական քննադատութեան, հեռու պահելով զայն ատելութիւն սերմանող ու բեւեռացում յառաջացնող փորձերէ։

6) Տեղական ու տեղայնական խնդիրներէ վեր, հայ մամուլը ունի հասարակաց մտահոգութիւններ եւ համահայկական ուղղուածութիւն, միշտ պահելով զանազանութիւնն ու բազմակարծութիւնը։ Պարզուեցաւ, որ մօտեցման, շեշտաւորման ու առաջնահերթութեան տարբերութիւն գոյութիւն ունի Հայաստանի ու Սփիւռքի մամուլներուն միջեւ։ Անհրաժեշտ կը նկատենք հայ մամուլը միացնող ազդակներու ու տուեալներու, գործօններու ու նպատակներու առաւել շեշտաւորումը, որպէսզի մամուլը կարենայ մասնակից դառնալ համահայկական հարցերու քննարկման եւ մտածողութեան ձեւաւորման ու մշակման։ Մեծ է մամուլին դերը այս ուղղութեամբ։

7) Լայնօրէն խօսեցանք մամուլի որակի բարձրացման հրամայականին մասին։ Բացման Մեր պատգամին մէջ ըսինք, թէ հայ մամուլը սովորական լրատուութենէ անդին՝ յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տայ քննական ու վերլուծական յօդուածներու, որպէսզի կարենայ իշխանութիւններն ու կառոյցները անհրաժեշտութեան պարագային արթնութեան ու զգաստութեան հրաւիրել, ինչպէս նաեւ ազգային թէ միջազգային այժմէական հարցերու շուրջ տեղեակ պահել ժողովուրդը։ Այս ծիրէն ներս անդրադարձանք մամուլի լեզուին, եւ առ այդ մեր մտահոգութիւնը յայտնեցինք հայաստանեան մամուլի լեզուին մէջ օտար բառերու ներկայութեան, իսկ Սփիւռքի մամուլին մօտ՝ արեւմտահայերէնի աղաւաղումին։ Յատուկ ուշադրութիւն հարկ է որ տրուի յիշեալ հարցերու քննարկման։

8) Արծարծեցինք օտար լեզուով հայ մամուլին կապուած շարք մը խնդիրներ։ Հարկ է ըլլալ իրապաշտ։ Օտար լեզուով հայ մամուլին դերը սկսած է դառնալ անհրաժեշտութիւն։ Այս գծով էական կը նկատենք օտար լեզուով հայ մամուլը նաեւ օտարին ուղղելու հրամայականը։ Որոշ չափով այս փորձը կը կատարուի. անհրաժեշտ է զայն աւելի կազմակերպ ու հետեւողական կերպով կատարել։

9) Արդարեւ, նոր մտածումներով լիցքաւորուած նոր տեղեկութիւններով հարստացած, զիրար աւելի լաւ ճանչցած, մեր տեղական ու համահայկական մտահոգութիւններուն աւելի մօտէն ծանօթացած պիտի վերադառնաք ձեր մամլոյ օրկաններուն՝ շարունակելու ձեր աշխատանքը։ Ներկայ համագումարը պէտք չէ դառնայ սոսկ դէպք, թէկուզ յոյժ կարեւոր ու նշանակալից։ Ան պէտք է վերածուի գործընթացքի՝ մեր առաքելութեան դիմաց նոր հորիզոններ բացող։ Հոս կը կայանայ լիարժէք իմաստը ու կարեւորութիւնը այս համագումարին։

10) Համագումարի ընթացքին ամենէն շատ գործածուող բառերէն մէկը եղաւ համագործակցութիւնը։ Մեր խոր ցանկութիւնն է, վստահաբար նաեւ ձերը, որ այս համագումարը դառնայ սկիզբ համահայկական մաշտապով սերտ ու համապարփակ համագործակցութեան՝ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մամուլներուն միջեւ։ Կը կրկնենք. համագումար մը իր ճշդած նպատակը կ’իրագործէ համագումարէն յետոյ, երբ վերածուի համագործակցութիւնը ծաւալող ու ամրապնդող մեքանիզմներու։ Այսօր համագործակցութեան բամաբնոյթ բնագաւառներու դիմաց կը գտնուի հայ մամուլը։ Անհրաժեշտ է, գործնապաշտ մօտեցումով ճշդել գործակցութեան առաջնահերթութիւնները ու կերպերը։ Այսպէս, տեղական մտահոգութիւնները պահելով հանդերձ, ինչպէ՞ս կրնանք տեղեկատուական համահայկական քաղաքականութիւն մը ճշդել։ Մամուլը հսկայ ներուժ է. ինչպէ՞ս կրնանք զայն օգտագործել կառուցողական նպատակներու, հեռու պահելով զայն ներկայ ժամանակներու ապատեղակատուական փորձերէն։ Ի՞նչ կերպերով հայ մամուլը կրնանք դարձնել ազդու ներկայութիւն միջազգային մամուլէն ներս՝ ներկայացնելու ու պաշտպանելու մեր արժէքները եւ իրաւունքները, միաժամանակ դիմադրելու մեր ազգին իրաւունքները այլափոխող քարոզչական արշաւներուն։ Ինչպէ՞ս կրնանք ներդաշնակութիւն ստեղծել համահայկական եւ տեղական, հայկական եւ միջազգային լրատուութեան միջեւ՝ պահելով իւրաքանչիւրին այժմէականութիւնը եւ իւրայատկութիւնը։ Ինչպէ՞ս կրնանք հայ մամուլի համահայկական ցանց մը ստեղծել եւ անոր շուրջ համախմբել նաեւ օտար մամլոյ օրկաններէն ներս գործող մեր ազգակիցները։ Բնականաբար նաեւ կան նմանօրինակ բազմաթիւ թէ՛ մտահոգութիւններ եւ թէ կարելիութիւններ, որոնք կը կարօտին լուրջ ու համապարփակ քննարկումի։

11) Միայն տագնապները մեզ պէտք չէ միացնեն, այլ նաեւ ու մանաւանդ մեր համազգային արժէքներն ու ձգտումները՝ դառնալով մեր միասնութեան առանցքը եւ հզօրութեան աղբիւրը։ Պատմական Հայաստանի փոքր շերտին վրայ գտնուող ներկայ Հայաստանը շրջապատուած է ո՛չ բարեկամ երկիրներով ու կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ։ Հայաստանն ու մեր ազգը յուզող խնդիրներու լուծման եւ մեր հաւաքական ներուժի հզօրացման մէջ Ճշդորոշիչ է դերը մամուլին։ Մենք խօսեցանք մամուլի ապագային մասին. այդ ապագան հեռաւոր ժամանակի մէջ չէ. ան ներկային մէջ է՝ ժամանակ ու տարածութիւն շրջանցած համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ։ Հետեւաբար, պէտք է ըլլալ զգօն ու միասնաբար լծուիլ աշխատանքի։ Ուստի, Մեր առաջարկն է, որ Հայաստանը, Արցախը ու Սփիւռքը ներկայացնող համագումարէն բխած փոքր խումբ մը, համագումարի ընթացքին տրուած զեկոյցներու ու կատարուած քննարկումներու լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով անցնող տարիներուն Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած լրագրողներու յատուկ հանդիպումներու արդիւնքները, լայնօրէն քննէ համագործակցութեան ուղիները, մարզերը ու մեթոտները, եւ ճշդէ յառաջիկայ աշխատանքներու հանգրուանները եւ ուղղութիւնը։ Ա՛յս է Մեր սպասումը։ Ա՛յս է նաեւ ներկայ համագումարի ոգին, պատգամը ու մարտահրաւէրը։

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – ԼԻԲԱՆԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031