Այս տողերը մասնաւորապէս հասցէագրուած են բոլոր անոնց, որոնք հմայուած կը թուին ըլլալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իսկապէս հմայիչ հռետորաբանութեամբ: Վարչապետը ինքզինք գերազանցեց յատկապէս իր վերջին ելոյթով, ուր ան վկայութեան կը կանչէր Արամ Մանուկեանն ու Առաջին Հանրապետութեան պետական մարդոց սերունդը՝ զանոնք դաւանելով որպէս մաքուր եւ կուռ ազգային անկախ պետականութեան չափանիշներ, որոնց օրինակով, կ՛ըսէր ան, պիտի ապրին մերօրեայ իշխանութեան գործիչները, առանց բացառութեան:
Խոստո՞ւմ. հրահա՞նգ. յիշեցու՞մ. յանձնառութիւ՞ն: Ո՞ր մէկը ասոնցմէ:
Յամենայն դէպս՝ հրաշագործող խօսքե՛ր, որոնք աննախընթաց են իրենց թափանցող ազդեցութեամբ: Ի վերջոյ ո՞ր դաշնակցականն է, որ պիտի կարենայ անտարբեր մնալ իր զգացումները հրահրող այս նախադասութիւններուն դիմաց: Մէջբերումներ պիտի չընեմ, քանի, որ Փաշինեանի ջատագովներուն (ինծի հարազատ ընկերներու) էջերը ողողուած են յորդառատ մէջբերումներով:
Կ՛ուզեմ պարզապէս յիշեցնել, որ մեր – ըսել կ՛ուզեմ՝ հանրութեա՛ն – պարտականութիւնն է մնալ զգաստ ու յանձնառու եւ առաջնորդուիլ իրականութեան նորմերով միայն: Մեր պարտականութիւնն է քննել վիճակացոյցը յետին մանրամասնութեամբ, փոխանակ անհիմն (համատեքստէն դուրս) զուգահեռներ փնտռելու Փաշինեանի եւ ՀՅԴի նուիրական դէմքերուն միջեւ:
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում: