Հայրենիքէ դուրս, մեր պարագային մասնաւորաբար, երբ վերածուած ենք սփիւռք(ներ)ի, ազգի մեր անդամութիւնը, ինչ ալ ըլլայ մեր որակը, ժամանակաւորի կնիք ունի: Ան կրնայ դեռ ժամանակ մըն ալ դիմանալ հայասիրութեամբ, հայրենասիրութեամբ, մշակութասիրութեամբ եւ հայաստանեան զբօսաշրջութեամբ, բայց իսկապէս տոկալու եւ տեւելու ռազմավարութիւնը, մարտավարութիւնը եւ հեռանկարը (stratégie, tactique, projet) կը բնորոշուի հայրենատիրութեամբ, որուն առանցքին կը գտնուի հայրենադարձութիւնը, որպէսզի ազգի անդամները միասնաբար դիմաւորեն սպառնացող վտանգները եւ իրենց ինքնուրոյնութեամբ մնան պատմութեան բեմին վրայ:
Եւ ի հարկէ, այս բոլոր խօսքերը փուճ են, եթէ բացակայի յանձնառութիւնը: Հայրենադարձութիւն, հայրենատիրութիւն, հայրենիքի ամբողջացում, համրանքի անվտանգութիւն եւ աճ, պատմութեան գիտակցութիւն (ոչ որպէս սոսկ գիտութիւն, օտարներ կան որոնք մեզմէ լաւ գիտեն մեր պատմութիւնը), հայախօսութիւն, լեզուի եւ մշակոյթի պաշտպանութիւն, հաւասարապէս կը պահանջեն յանձնառութիւն:
Ղեկավարութիւններու պարտականութիւնն է առաջանորդել այս համագումար յանձնառութիւնը, այսօ՛ր, ինչ ալ եղած ըլլան եւ ըլլան գործի ընթացքին յայտնուած տարբերութիւնները:
Յաջողելու ուժը մենք պիտի ըլլանք: Ոչ ոք յաջողութիւնը ափսէի վրայ դրած մեզի պիտի հրամցնէ:
Կարդացեք նաև
Հասկնալ՝ որ նոյնիսկ եթէ թերահաւատներ կան, անհատաբար եւ հաւաքաբար պատասխանատու ենք եւ պարտաւոր ենք ըլլալ յանձնառու, կրկնենք, մնալու համար պատմութեան բեմին վրայ, որպէս ինքնուրոյն եւ ազատ ժողովուրդ:
Առանց ճապկումներու ըլլալ հարազատ յաջորդները անոնց՝ որոնք իրենց խօսքով եւ գործով ազգ պահած են եւ վերականգնիլ:
Մտածել, հետեւելով ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի հզօր խօսքին, որ «Հայաստանի վերջին մայրաքաղաքէն առաջին մայրաքաղաք»ի հեռաւորութիւնը օդանաւով երեսուն երկու վայրկեան է, երեսուն երկու րոպէ…
Առաջին մայրաքաղաք Վանի բերդը…
Խուճապի չմատնուիլ, չըլլալ փարիա, եւ մնալ պատմութեան մէջ:
Օր մըն ալ, առանց վերլուծական-տեսաբանական խուսանաւումներու, պէտք է խօսիլ «հզօր սփիւռք»ի եւ «սփիւռքի հզօրացման վախճանական նպատակի (finalité) մասին. ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, մինչեւ ե՞րբ:
Լռեցնել զուռնաները եւ մտածել՝ ազգի եւ հայրենիքի լինելութեան ըմբռնումով:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում