Այս տողերը մասնաւորապէս հասցէագրուած են բոլոր անոնց, որոնք հմայուած կը թուին ըլլալ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իսկապէս հմայիչ հռետորաբանութեամբ։ Վարչապետը ինքզինք գերազանցեց յատկապէս իր վերջին ելոյթով, ուր ան վկայութեան կը կանչէր Արամ Մանուկեանն ու Առաջին Հանրապետութեան պետական մարդոց սերունդը զանոնք դաւանելով որպէս մաքուր և կուռ ազգային անկախ պետականութեան չափանիշներ, որոնց օրինակով, կ՚ըսէր ան, պիտի ապրին մերօրեայ իշխանութեան գործիչները առանց բացառութեան։ Խոստու՞մ. հրահա՞նգ. յիշեցու՞մ. յանձնառութիւ՞ն։ Ո՞ր մէկը ասոնցմէ։ Յամենայն դէպս՝ հրաշագործող խօսքե՛ր՝ որոնք աննախընթաց են իրենց թափանցող ազդեցութեամբ։ Ի վերջոյ ո՞ր դաշնակցականն է, որ պիտի կարենայ անտարբեր մնալ իր զգացումները հրահրող այս նախադասութիւններուն դիմաց։ Մէջբերումներ պիտի չընեմ, քանի որ Փաշինեանի ջատագովներուն (ինծի հարազատ ընկերներու) էջերը ողողուած են յորդառատ մէջբերումներով։
Կ՚ուզեմ պարզապէս յիշեցնել, որ մեր — ըսել կ՚ուզեմ ՝ հանրութեա՛ն — պարտականութիւնն է մնալ զգաստ և յանձնառու և առաջնորդուիլ իրականութեան նորմերով միայն։ Մեր պարտականութիւնն է քննել վիճակացոյցը յետին մանրամասնութեամբ փոխանակ անհիմն (համատեքստէն դուրս) զուգահեռներ փնտռելու Փաշինեանի և ՀՅԴ նուիրական դէմքերուն միջև։
Կը խօսուի այն մասին, որ արդէն իսկ յստակ տեղաշարժ գոյութիւն ունի զեղծարարութեան և փտախտի երևոյթներու հակակշռման մարզին մէջ հինին և նորին միջև։ Շատ յարգելի դէմքեր կը հաւաստեն այդ մասին։ Պէտք է անվերապահօրէն ողջունել այս երևոյթը և զայն շարունակաբար պահել լուսարձակի տակ։ Փտախտը տարերային երևոյթ է։ Ան կը չքուի մէկ օր և կը վերայայտնուի աւելի բարդ ձևերով մէկ այլ տեղ և մէկ ուրիշ օր…Հակափտախտային քաղաքականութիւնը չի կրնար սկիզբ ու վախճան ունենալ։ Ան ախտաբանական է և ունի իր տրամաբանութիւնը։ Արձանագրենք և անցնի՛նք։
Վարչապետ Փաշինեանի ջատագովները պէտք է խօսին կառավարութեան գործի հիմնական ոլորտներուն մասին։ Պէտք է խօսին կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան մասին։ Մենաշնորհային համակարգի վերաբերմամբ որդեգրուած իրական վարքագծին մասին։ Կառավարութեան սոցիալական փաթեթին մասին։ Կառավարութեան որդեգրած եկամտահարկի համահարթեցման աղիտալի քաղաքականութեան մասին։ Դատական համակարգէն ներս ստեղծուած սահմանադրական քաոսին մասին։ Եռեակ իշխանութիւններու տարանջատութեան սկզբունքի խախտման վտանգաւոր երևոյթներուն մասին։ Գիւղատնտեսութեան մարզէն ներս տիրող ողբալի վիճակին մասին։ Արտագաղթի և աղքատութեան ցնցիչ երևոյթներուն մասին։ Վարչապետ Փաշինեանի աններելիօրէն ժողովրդահաճ (populist) քայլերուն մասին։ Ամբոխը պետութեան դէմ հրահրելու նախաձեռնութիւններուն մասին։ Շարքը երկար է։
Կարդացեք նաև
Արտաքին քաղաքականութեան բեմին վրայ, ԱրտԳործՆախարար Մնացականեանի ցուցաբերած զգօն վարքագիծը այնուամենայնիւ ենթակայ է մեծ ռիսքերու, որոնք կը բխին Պր. Վարչապետի դեռևս լաւ չբանաձևուած քաղաքականութեան հետևանքներէն։ Հայաստան-Արցախ միջ-պետական յարաբերութիւններու վաղուան բնոյթէն։ Եւ առհասարակ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական բարդ կառոյցը կարենալ կառավարելու կարողութիւններէն։ Այս բոլոր մարզերուն մէջ, առայժմ դեռ բաց է ու հարցական՝ ներկայ իշխանութեան վիճակացոյցը։
Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթերթի այս համարում