Թուրքիոյ հայոց երջանկայիշատակ Մեսրոպ Բ պատրիարքի վախճանումով սկսած պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը պիտի վարէ պատրիարքական տեղապահը, որու ընտրութիւնը նախատեսուած էր յունիսի 27-ին։ Սակայն ներքինգործոց նախարարութիւնը, Պոլսոյ կուսակալութեան միջոցով, 26 յունիս 2019-ն Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութիւն յղած գրութեամբ, առանց որեւէ պատճառաբանութիւն նշելու, յայտնած է, թէ տեղապահի ընտրութիւնը պէտք է յետաձգուի 4 յուլիս 2019 թուականին։
Սահմանադրական ատեանը 23 մայիս 2019-ն վճռած էր, թէ պատրիարքական ընտրութեան երկար տարիներէ ի վեր խոչընդոտուիլը կը հանդիսանայ «կրօնական ազատութեան ոտնահարում»։ Սահմանադրական ատեանի որոշման վաղորդայնին կատարուած այս միջամտութիւնը միթէ յիշեալ ոտնահարումին շարունակութիւնը չէ՞։
Այս նիւթին շուրջ ՀՏՓ-ի Տիգրանակերտի պատգամաւոր Կարօ Փայլան գրաւոր հարցում մը ուղղեցինք ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլուին։
-Ի՞նչ է ձեր միջամտութեան պատճառաբանութիւնը՝ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան կողմէ ճշդուած պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան թուականին։
Կարդացեք նաև
-Ինչպէս պիտի յիշուի, 16 փետրուար 2017-ն կայացած էր պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւն մը, զոր Պոլսոյ կուսակալութիւնը իր յղած գրութեամբ ջնջած էր, երբ դեռ ժողովականները չէին արձակուած։ Նախարարւթիւնդ ինչո՞ւ եւ ի՞նչիրաւական հիմունքով կը միջամտէ հոգեւոր հաստատութիւնը մը հանդիսացող Հայոց պատրիարքութեան ներքին գործերուն։
-Սահմանադրական ատեանը 23 մայիս 2019-ն վճռած էր, թէ պատրիարքական ընտրութեան երկար տարիներէ ի վեր խոչընդոտուիլը կը հանդիսանայ «կրօնական ազատութեան ոտնահարում»։ Սահմանադրական ատեանի որոշման վաղորդայնինկատարուած այս միջամտութիւնը միթէ յիշեալ ոտնահարումին շարունակութիւնը չէ՞։
-Նախարարութիւնդ՝ Հայոց պատրիարքութեան եւ պատրիարքական ընտրութեան իրաւական հիմքը հանդիսացող 1863- Ազգային Սահմանադրութեան ո՞ր յօդուածներուն յենլով է որ կը միջամտէ պատրիարքական ընտրութեան։
Սեւան Տէյիրմենճեան
Տիգրանակերտի Պատգամաւոր Կարօ Փայլանի Խորհրդական