Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայաստանի վերնախաւը, ամբոխայնացում խաղալով, յոյս կը ծախէ․ «Հայրենիք»

Հունիս 22,2019 10:35

Հայաստանի հեռատեսիլէն յայտագիր մը կայ միայն, զոր հաճոյքով կը դիտեմ, որ կը ներկայացնէ գիւղերը եւ գիւղացիները, իրենց կեանքի եւ աշխատանքի վայրին մէջ: Կը զգամ, որ Երեւանէն դուրս երկիր մը կայ որ կը շնչէ, որ Երկիրն է: Լրագրողը իւրաքանչիւր հաղորդման ընթացքին  կը կրկնէ՝ «Երկիրը երկիր է»: Արդարեւ այդ է: Այդ «երկիր»-ն է ապագայի երաշխիքը, ան է Հայաստանը: Ան կարիք ունի ճանապարհներու, դպրոցական շէնքերու, ոռոգման ջուրի: Այս մարդոց հետաքրքրութիւնը առաւելագոյնը կանգ կ’առնէ մարզպետի եւ քաղաքապետի մակարդակին: Անոնցմէ անդին պատահածը եւ պատահելիքը լուսնին չափ հեռու են իրենցմէ,- նախագահներու, վարչապետի, դատաւորի շանակումներ, արտասահմանէն եկած հիւրեր եւ ընդունելութիւններ եւ դէպի արտասահման վերնախաւի ճամբորդութիւններ:

«Նախկին»-ի եւ «նոր»-ի փոխադարձ քննադատութիւնները «Երկիրը երկիր է» խօսքի յայտագրին  հաղորդավարի զրուցակիցներուն չեն վերաբերիր: Չաւարտող եւ ընդլայնուող, նոր ճակատներ բացող պառակտումները այլմոլորակային են իրենց համար: Այդ պառակտումները ոչ ճանապարհներու շինութեան կը ծառայեն, որպէսզի «Երկիրը երկիր է»ի մարդոց եւ թոշակառուներու առօրեան բարելաւեն, ոչ դպրոցները:

«Վերնախաւ»ը բնաւ մտածա՞ծ է, թէ ի՞նչ կրնայ ընել համեստ քաղաքացին ամսական 25.500 դրամով: Պոտրումը, Անթալիան կամ Սոչին պարիկի պատմութիւն են 25.500 դրամով ապրողներուն համար: Իսկ Նիցցան եւ Էյֆէլի աշտարակը… մենաշնորհեալներու:

Զարմանալի կրնայ թուիլ թերեւս, եթէ ըսեմ, որ Հայաստանի մէջ դրամ կայ: Կը բաւէ շրջիլ տեսնելու համար բարձրացող շէնքերը, ինչպէս կ’ըսուի «էլիտար» շէնքերը, ընտրանիի յատուկ, շրջող ինքնաշարժներու (աւդոներու) յարաճուն թիւը, խճողուած ճաշարանները, վերջին նորոյթ կաճէթները: Բայց պէտք է տեսնել մադրուշքաները (ցած առաստաղով հանրակառքերը), որոնց ճամբորդները կը թխմուին, եւ դժբախտութիւնը ունին միջահասակ կամ բարձրահասակ ըլլալու, եւ երբ ոտքի մնան, աթոռ չգտնեն, ամէն վայրկեան իրենց գլուխը կրնան վիրաւորել:

Կան նաեւ անմիջապէս փուլ գալու վտանգին ենթակայ բնակարաններ, որոնք անտեսանելի են վերնախաւի բարձունքէն: Մեծ վաճառատուներէն լեցուն եւ ուռած պայուսակներով դուրս եկողներ կան, բայց կայ նաեւ այն զանգուածը որ հացին մէջ խաշած գետնախնձոր (կարտոֆիլ) կը փաթթէ եւ օր կ’անցնէ:

Զբօսաշրջիկները այս բոլորը չեն տեսներ: Իրենց համար «տաքսի»-ն աժան է, կեդրոնի սրճարանները եւ ճաշարանները աժան են, ձանձրանալու պատճառ չունին, տեսարժան վայրեր տանող ընկերութիւններ կան, անոնք փուլ գալու վտանգին ենթակայ ընտանիքը ցոյց չեն տար:

25.000 դրամ թոշակ ստացողները հէքիաթային անուններով ճաշարանները եւ խաղատուները պիտի չերթան: Տեսարժան վայրերու այցելու յաճախորդ չեն:

Բայց վերնախաւը, ինչպէս ամէն տեղ ամբոխայնացում-populisme խաղալով յոյս պիտի ծախէ, կը ծախէ, յոյս՝ որուն ինք պէտք չունի, ինք Rubiconի միւս կողմը կը գտնուի, կրնայ նոյնիսկ Ֆրանսայի թագուհիին պէս ըսել, որ եթէ հաց չունին թող կարկանդակ ուտեն, հոս պիտի ըսեն՝ թխուածք:

 

Մարք ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930