Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Զարեհ Սինանեան չի լրացներ սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ հաւասար հեռաւորութեան վրայ գտնուելու անհրաժեշտ նախապայմանը. ՍԴՀԿ

Հունիս 18,2019 11:38

ՍԴՀԿ Յայտարարութիւնը Զարեհ Սինանեանի Նշանակումին Առթիւ

Երկար տարիներէ ի վեր կար ձեւաւորուած սկզբունք, որ Սփիւռքի հետ անմիջականօրէն առնչուող գերատեսչութեան ղեկավար պէտք չէ նշանակուի ընդգծուած կուսակցական հակումներ ունեցող անձ մը,որպէսզի յարգուին Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն ներս գոյութիւն ունեցող իւրայատկութիւններն ու զգայնութիւնները ու նշանակուած անձին շուրջ վերապահութիւններու պատճառով չվնասուի Հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման կարեւոր գործը:

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնին Զարեհ Սինանեանի նշանակումով դժբախտաբար հաշուի չէ առնուած այս կարեւոր պարագան, նկատի ունենալով որ ան իր քաղաքական գործունէութիւնը ծաւալած է սփիւռքի ամենէն բազմամարդ՝ Լոս Անճելոսի հայ համայնքէն ներս, բացառապէս Դաշնակցութեան հովանաւորութեան տակ գործող կառոյցներուն գծով և առանձնացած է իր հրապարակային խնդրայարոյց և երբեմն անպատասխանատու ելոյթներով և յայտարարութիւններով:

Մասնակցելով տեղական ընտրական գործընթացներուն, ան դրսեւորած է խիստ յարձակողական վերաբերմունք իր քաղաքական հակառակորդներուն նկատմամբ՝ յատկապէս մեր կազմակերպութեան հասցէին կատարելով մեղադրանքներ, պարզ այն պատճառաւ, որ չենք պաշտպանած իր նախընտրած թեկնածուին:

Կլէնտէլի Քաղաքապետարանէն ներս իր պաշտօնավարման ընթացքին եւս, Պր. Սինանեան չէ կարողացած ցուցաբերել լայնախոհութիւն եւ հանդուրժողականութիւն ու գործած է հատուածական նկատարումներով: Զարեհ Սինանեան ազատ է իր քաղաքական հայեացքներուն մէջ, սակայն անցեալի իր կենսագրականը չի կրնար անտեսուիլ կամ մոռացութեան մատնուիլ, ու անպայմանօրէն իր ժխտական անդրադարձը պիտի ունենայ իր պաշտօնավարման ընթացքին։

Զարեհ Սինանեան չի լրացներ սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ հաւասար հեռաւորութեան վրայ գտնուելու անհրաժեշտ նախապայմանը ու հետեւաբար մենք խիստ վերապահութիւն կը յայտնենք այս նշանակումին կապակցութեամբ:

Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան

Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ

Մարմին Յունիս

18, 2019 Լոս Անճելըս

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930