Նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին դատավարութիւնն ու անոր կալանքէն ազատ արձակումը բռնկեցուց արդէն իսկ պրկուած ջիղերը եւ պատճառ դարձաւ որ մեկնարկուի թաւշեայ յեղափոխութեան երկրորդ փուլը։ Փուլ մը, որ կրնայ պատճառ հանդիսանալ, որ փուլ գայ արդարադատական համակարգը։ Համակարգ մը, որ հաւանաբար ամբողջական դրութեամբ թափանցիկ ու կաշառակերութիւնէ եւ զեղծարարութենէ զրկուած չէ, սակայն նմանօրինակ ձեւով կոշտ, կոպիտ եւ մանաւանդ անխոհեմ միջամտութիւն կրնայ խոր վէրք մը ստեղծել, որուն սպին շարունակ նկատելի պիտի ըլլայ եւ վերստին բուժուելու ենթակայ։ Այս գծով, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, որ նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի հետ երաշխաւորած էր Քոչարեանի ազատ արձակումը, ամէնայն ողջմտութեամբ, կը շեշտէ, թէ իրենց առած այդ դիրքորոշումը պարզապէս ստեղծուած սուր լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակ ունէր։ Աւելի պարզաբանելով, ստեղծուած կացութիւնը եւ վստահութիւն ներշնչելով, ան յայտնեց, թէ այդ լարուածութեան վերաբերեալ մեկնաբանութիւնները արհեստական եւ շինծու են, իսկ գոյութիւն ունենալու պարագային, «․․․Մենք պարտաւոր ենք ամէն ճիգ թափել եւ շրջանցել այս անհասկացողութիւնները»։
Արցախի նախագահը պարզ ու մեկին շեշտեց, թէ կարելի չէ անտեղի մթնոլորտ ստեղծել Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ։
Շատ աւելի անտեղի եւ երկրորդական պիտի ըլլայ խօսիլ ցուցարարներու վերաբերմունքին մասին, ու յիշել, թէ օրինական սահմանները յարգելով, առանց հրմշտուքի եւ խուլիկանութեան, անոնք հեռացած են նոյնիսկ իրենց հաւաքի աւարտին գոյացած աղբը մաքրելէ ետք (երեւոյթ մը, որուն մասին տարի մը առաջ շատ բան գրուած էր)։
Դատական համակարգին յաջորդող հրաժարումներն ու քաղաքական բեմահարթակին վրայ ստեղծուած կացութիւնը կը շարունակեն մտահոգութեան ալիք ստեղծել, որուն դարմանը նոյնինքն խորհրդարանական կարգով գործող վարչապետի վարչամեքենան է, նաեւ՝ անոնց ամբոխավարական հասկացողութենէն դուրս եկող եւ ժողովրդավարական կանոններով ուղղուող գործելաձեւը։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում