Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայաստանի մէջ պատահող եւ զարգացող իրադարձութիւնները մտահոգիչ են. «Հայրենիք»

Մայիս 25,2019 10:25

Հայաստանի մէջ պատահող եւ զարգացող իրադարձութիւնները, սփիւռք(ներ)էն լսուող անոնց արձագանգները,  մտահոգիչ են այն պատճառով, որ անոնք կը շրջանցեն օրէնք, իրաւունք, իմաստութիւն, սահմանադրութիւն եւ ազգի շահերը:

Օրէնք եւ կարգ հաստատելու համար տեւաբար սպառնալ ժողովուրդով, ոչ մէկ դրական արդիւնքի ակնկալութիւն է, բացի աննախատեսելի հետեւանքներով բախումներէ, քանի որ ժողովուրդը երբեք միատարր չէ, կրնանք գտնուիլ մէկ կէսը միւս կէսին դէմ կացութեան մէջ:

Ամբոխայնացումը (populism) կ’առաջնորդէ օրէնք, իրաւունք, արդարութիւն, սահմանադրութիւն ըստ բարձր խօսողի կամքին մեկնաբանելու եւ զանոնք փողոցին մէջ լուծելու վարքագիծին, շրջանցելով անհատներէն անդին գտնուող Պետութիւնը, պետական ըմբռնումը:

Եթէ քաղաքական իմաստութիւնը եւ պետական ըմբռնումը չըլլան գերադաս եւ չմիջամտեն, չգերանցեն անձնական շահախնդրութիւնները եւ եսերը, ամբոխային շահագործուող կիրքերը, երկիրը եւ ժողովուրդը, ներառեալ Սփիւռքը, իրենք զիրենք կրնան գտնել քաոսի առջեւ, որուն համար պատասխանատու չենք կրնար համարել արտաքին թշնամիները:

Ամբոխայնացման ճառը նրբերանգներով չ’ընթանար: Այս գիտնալով հանդերձ, անմիջականը գերանցող մտածումէն պէտք չէ հրաժարիլ, խօսիլ, գրել եւ լուսաբանել պարտականութիւն պէտք է համարել, մանաւանդ մտաւորականութիւնը այդ պէտք է ընէ, ներսը եւ դուրսը, ան պէտք է խօսի ժողովուրդին, լուսաբանէ, ճամբացոյց ըլլայ, նոյնիսկ եթէ այս կամ այն ձեւով ինք քաւարան դրուած ըլլայ:

Այս հարցերուն մասին կը մտածէի դիտելով եւ լսելով Երեւանի հրապարակներու ամբոխայնացած քաղաքացիները, խանութներու մէջ կիրքով խօսողները: Եթէ դէպքերու անցանկալի բերումով վաղը իրարու դէմ կանգնած ամբոխ(ներ)ը զոհեր ունենայ, կիրքերու անձնատուր անպատասխանատունե՞րը պէտք է դատել եւ դատապարտել, թէ՞ անոնց ձեռքէն բռնելով ոճիրի առաջնորդողները:

Ո՞վ է, որոնք են իսկական պատասխանատուները իր թոռներուն հետ հրապարակին վրայ զբօսնող մարդուն դէմ նախայարձակում գործողներու արարքին: Եթէ վաղը ճշդուին եւ դատուին այդ նախայարձակում գործողները, այդ կ’ըլլայ անարդարութի՞ւն: Իրենց խօսքով եւ կարգախօսներով այդ բռնարարքներու իսկական հեղինակները ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի դատէ:

Ինչպէ՞ս չհիանալ անցեալ դարու մեծերէն Ժան-Փոլ Սարթրի այն միտքին, ըստ որուն՝ «Երբ հարուստները կը պատերազմին, թշուառները կը մեռնին»: Այս ինչպէ՞ս իմացնել լարուած ուժանակի նմանող ամբոխին:

Հայաստանի հեռատեսիլը խօսեցաւ եւ կը շարունակէ խօսիլ Յովհաննէս Թումանեանի մասին, անհամար հանդիսութիւններ կազմակերպուեցան մեծ մարդուն 150-ամեակը նշելու համար, նոյնիսկ անոր անունը շահագործողներ եղան, բայց չյիշեցին մտածողը եւ իմաստունը, որ մեզի կը թելադրէ նայիլ հայելիին մէջ:

Յովհաննէս Թումանեան ըսած է նաեւ.

«Մարդիկ քիչ են, գազանները շատ: Եւ այժմ ապրում ենք մի ժամանակ, երբ մեծ ասպարէզ կայ մարդու էդ վայրենի բնազդին…»

 

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031