Այսօր, գրեթէ բան չէ փոխուած. այդ կազմաքանդուած (ապամոնտաժուած) երկու սրճարանները երեք չեղան, անոնց վրայ դիզուած հողերը բլրակներով մնացին, սպասելով հողագործ-այգեգործ վարպետներու բահերուն, բրիչներուն եւ տունկերուն: Ամռան սկիզբն ենք, արդէն սկսած է զբօսաշրջային եղանակը, ներկայիս օփերայի շրջակայ տարածքը գեղեցիկ չէ, մէկ-երկու ամիսէն իրականանալիք ծրագիրը երեւի մնաց յաջորդ տարուան, քանի այս եղանակին յարմար չէ այդ տարածքին մէջ մեքենաներ ու բանուորներ աշխատցնելը:
Ի՞նչ է հարցը. հարցը այն է, որ «քաջաբար» եւ շտապ առնուած որոշումը «եթէ»-ով չէ կանխամտածուած…
Տարածքին մէջ տարիներով հաստատուած եւ լաւ «պիզնես» դարձնողները նախկին իշխանութեան կողմէ արտօնեալ-հովանաւորեալներ են, որոնց մէկ օրէն-միւսը տեղահան ընելը ոչ տրամաբանութեան հետ կապ ունի, ոչ ալ տիքթաթորական երկիր ենք, որ հրահանգը՝ անմիջապէս կիրառուի, թէ չէ…
Սրճարանատէրեր դատ բացեր են քաղաքապետարանին դէմ, ուրիշներ լքեր են իրենց տարածքները, ձգելով որ այդ աւերակները քաղաքապետութիւնը մաքրէ, իսկ մի քանիներ դեռ կը յամառին մնալ, մինչեւ որ հերթը իրենց հասնի:
Կարդացեք նաև
Քաղաքապետ ջան, եղա՞ւ. ասիկա վիճա՞կ է, որոշումդ չգործադրած ինչո՞ւ միտքէդ չանցան այս եւ նման հակազդեցութիւններ: Հարցը միայն օփերայի տարածքը չէ, նոյնն է պարագան փոխադրակառքերուն, որոնք ցայսօր չեն փոխարինուած նորերով: Ժողովուրդը «մարշուտնի» կոչուած այդ քալող թիթեղի կոյտերով դեռ կը շարունակէ երթեւեկել, մեքենաներ, որոնք նոյնիսկ ամենատարրական նորոգման չեն ենթարկուիր, քանի որ անոնց տէրերը գիտեն, որ ուշ կամ կանուխ անոնք պիտի թափուին, ալ ինչո՞ւ յումպէտս դրամ ծախսեն:
Աղբահանման ոլորտն ալ նոյնն է, այդ ընկերութիւնը ատենը անգամ մը դրամական տուժի ենթարկելը վիճակը չի փոխեր: Վայրկեան մը պատկերացնենք, որ աղբատար ընկերութիւնը, կամ անոր պաշտօնեաները դժգոհելով որոշեն գործադուլ կատարել… Ի՞նչ կ՛ըլլայ քաղաքին վիճակը, կը պատկերացնէ՞ք:
Միով-բանիւ, «եթէ»ն շատ օգտակար բառ է. չհաւատացողները թող կարդան Քիփլինկի «եթէ» (If) բանաստեղծութիւնը։
Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազգ» թերթի այս համարում