«Գանձասար»ի Քեսապի աղբիւրը յայտնեց, որ այսօր՝ Երկուշաբթի, 6 Մայիսի յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Քեսապի Էսկիւրան գիւղին եւ այլ ուղղութիւններով հրթիռներ արձակած են։ Երեք հրթիռներ ինկած են Էսկիւրանի շրջակայքը։ Վիրաւորուած են քեսապցի երկու հայեր, որոնք անմիջապէս փոխադրուած են Լաթաքիոյ հիւանդանոց։ Վիրաւորներուն առողջական վիճակը կայուն է։