Ոչինչ փոխուած է Սպիտակ Տան մէջ։ Կը պարզուի, որ ամէն տարի, Ապրիլ 24-ին, նախագահական ուղերձ պատրաստող պաշտօնեան կ՚օգտագործէ նախորդ տարիներու գրութիւնները՝ զանազան պարբերութիւններ առջեւ-ետեւ տեղադրելով, կարգ մը չնչին փոփոխութիւններ ալ կատարելով, բնականաբար ի մտի ունենալով «կտրել ու փակցնել»-ու գործելաձեւը։
Գերարդիական պայմանները այնքան դիւրացած են, որ մկրատի կարիքն ալ չկայ։ Համակարգիչին ստեղնաշարին վրայ գիր մը կամ նշան մը սեղմելով, կարելի է «գրել» նոր ուղերձ մը։
Իսկ նախագահն ալ, յատկապէս ներկայ Սպիտակ Տան վարձակալը, որուն գերագոյն նպատակը իր կեցութիւնը չորս տարիով երկարաձգելն ու տուգանային «թնճուկ»-ը մոռացութեան մատնելն է, առանց ամենադոյզն ստուգման կամ վերանայման, թութակի մը նման կը կարդայ իրեն տրամադրուած էջ մը գրութիւնը։ Եթէ վերջերս Ֆրանսայի նախագահները դժուարութեամբ, սակայն խոր համոզումով հնչեցին ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ բառը, նախագահ Թրամփ՝ յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով, բաւական դժուար առոգանութեամբ «կարդաց» Եղեռնը։
Այս սովորութիւնը կամ Լափալիսեան իրականութիւնը կարելի չէ գործածել քաղաքականութիւն կոչեցեալ բնագաւառին մէջ գործածել։ Խրթին, բարդ եւ անակնկալներով լի բնագաւառ մը։ Ստանձնել Միացեալ Նահանգներու նման մեծ պետութեան մը թիւ մէկ ղեկավարի պաշտօնը եւ ըստ այնմ գործել, յատկապէս միջազգային-արտաքին յարաբերական գործունէութեան դաշտէն ներս, շատ աւելի հետեւողականութեան, ճկունութեան եւ ուշիմութեան կը կարօտի։
Եթէ ժամանակին ղեկավարութեան մը Աքիլլէսի կրունկը կարելի էր նշել կամ յայտնաբերել, այս պարագային բազմաթիւ են Աքիլլէսեան կրունկները, որոնց կարգին՝ յատկապէս արտաքին քաղաքականութիւնը, ուր յստակ է, թէ հարցերը անտարբերութեամբ եւ մակերեսային ձեւով կը հետապնդուին՝ առանց խոր ուսումնասիրութիւններ եւ վերլուծումներ կատարելու։
Այսպէս, տարիներէ ի վեր “outsource” կացութեան մը մէջ է Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը, յատկապէս Միջին Արեւելքի պարագային, ուր վստահաբար շատ են առիւծի բացակայութեան դեր ստանձնողները անտառին մէջ։
Կարդացեք նաև
Բնականաբար, Սպիտակ Պալատն ալ (թուրք նախագահին նորակառոյց բնակատեղին Անգարայի մէջ), յանձին ներկայ վարձակալ, կամ մշտնջենական բնակիչի մարմաջով Էրտողանի, այս գծով կը շարունակէ ո՛չ միայն ուրացման քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ շրջանէն ներս սուլթանական ոճով իշխելու գործընթացը, բնականաբար հանդիպելով իշխող այլ ոյժերու ընդդիմութեան։
Վերջին քանի մը օրերուն պատահած երկու իրադարձութիւններ ցոյց կու տան ներկայ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում