Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայաստանի պետական արխիւը վերջին շրջանին թիրախն է թրքական ապատեղեկատուութեան մը․ «Հայրենիք»

Ապրիլ 27,2019 10:25
Turqia

Ժխտման պետական քաղաքականութեան զուգահեռ՝ իրականութիւնները խեղաթիւրելու, ճշմարտութիւնը չընդունելու եւ զոհը իբրեւ դահիճ ներկայացնելու թրքական դրսեւորումներն են, որ Թուրքիան կը դնեն բաւական ծիծաղելի կացութեան մը մէջ, ուր մանաւանդ երեւան կու գայ քաղաքական ղեկավարութեան անիմացութիւնը՝ ինչ կը վերաբերի յստակ իրականութիւններու։

Առաջին խեղաթիւրումը կը վերաբերի Հայաստանի պետական արխիւին, որ ինչպէս արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղտալեան հաստատեց, վերջին շրջանին թիրախն է թրքական ապատեղեկատուութեան մը, թէ փակ է ակադեմականներու, պատմաբաններու եւ ուսումնասիրողներու դիմաց, որովհետեւ հայկական կողմը ահագին թաքցնելիք ունի եւ չի կրնար ճակատաբաց յայտարարել, որ իր արխիւները ուսումնասիրողներու տրամադրութեան տակ կը գտնուին։

Այս խեղաթիւրման բեմադրիչն ալ եւ ասիկա անակնկալ մը չէ, նախագահ Ռեճէփ էրտողանն է, որ Ապրիլ 24-ին կայացած՝ թրքական պետական արխիւներուն մասին գիտաժողովին ընթացքին ապացուցեց, որ թրքական պատմագիտական- դիւանագիտական սուտն ու ապատեղեկատուութիւնը քաղաքական միտքի մը արգասիքն է։ «Հայաստանի պետութեան կոչ կ՛ուղղեմ, հետեւելու մեզի եւ բանալու արխիւները, որպէսզի ճշմարտութիւնը երեւան գայ», յայտարարեց Էրտողան եւ հայերը ամբաստանեց օսմանցիները ջարդելու յանցանքով։Ըստ Էրտողանի, թուրքերը ջարդող հրոսակախումբերու եւ անոնց աջակիցներուն աքսորը ամէնէն տրամաբանական քայլն էր, որ օրին իթթիհատականները առած են։

Ուրեմն քսաներեք Ապրիլ 1915-ի գիշերը պոլսահայ մտաւորականութեան ձերբակալութիւնն ու երկու ուղղութեամբ՝ Այաշ եւ Չանղըրը աքսորը պատասխան մըն էր էրտողանի յիշած «հրոսակախումբ»երուն, որոնց աջակիցները ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի եւ հայկական կիլիկիոյ հայութիւնն էր։Ծեր, կին, երեխայ, պատանի, պարմանուհի։Ասոնք հրոսակախումբերու կ՛աջակցէին եւ օսմանցիները կը ջարդէին, ուստի պէտք էր անոնց ձերբազատիլ՝ զանոնք Միջագետքի անապատները քշելով։

Հերթական այս էրտողանեան գիւտարարութեան պատասխանը կու գայ թուրքէ մը՝ փրէօՖեսօր Թանէր Աքչամէն, որ լոյս ընծայեց Հայր Կերկերեանի արխիւը, իր գիրքը վերնագրելով՝ «Սպանութեան հրամաններ․ Թալաաթի հեռագիրները եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն»։

Կերկերեանի արխիւը կը պարունակէ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք՝ Պոլսոյ մէջ ստեղծուած Զինուորական Ատեանին կազմակերպած իթթիհատական պարագլուխներուն դատավարութիւններուն ատենագրութիւնները, որոնց պատճէնը օրին Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան դիւանին յանձնուած է՝ դատավարութեան կողմ մը ըլլալու պատրիարքութեան հանգամանքին համար։Արխիւը՝ քեմալական շարժումէն ետք ամբողջութեամբ փոխադրուած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան դիւանատուն, որպէսզի անիկա փրկուի քեմալի օրերուն պետական արխիւները փճացնելու մոլուցքէն։Եւ հայր Կերկերեան արխիւը ամբողջութեամբ պատճէհանած ու պահած է՝ իր պրպտումներուն ընթացքին։

 

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930