Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահի օգնական Ֆուաթ Օքթային յղած ենք հետեւեալ հարցումը, պատասխանի պահանջքով։
-Հանր. նախագահ Էրտողան հայոց Մեծ Եղեռնի 104-երորդ տարելիցին առթիւ, 24 ապրիլ 2019-ին կատարած յայտարարութեան մէջ, նշած է. «Մեր արխիւներուն դռները բաց են բոլոր անոնց առջեւ, որոնց նպատակն է բացայայտել ճշմարտութիւնը։ Մենք գաղտնիք չունինք»։
Այսպէսով շեշտելով, թէ պետական արխիւները բաց են բոլոր ուսումնասիրողներու առջեւ։
-Ուստի, կը հարցնենք՝ հայոց դէմ գործուած մարդկային յանցագործութեանց ոճրագործները դատելու նպատակով 1919-1922 թթ. գործած Պատերազմական ատեանի ատենագրութիւններուն ճակատագիրը։ Ուսումնասիրողներ կը յայտնեն, թէ յիշեալատենագրութիւնները հասանելի չեն պրպտողներուն։
Կարդացեք նաև
-Պատերազմական ատեանի ատենագրութիւնները պետական արխիւներուն մէջ չե՞ն գտնուիր։
-Յիշեալ ատենագրութիւնները առաջին անգամ ե՞րբ արխիւ մուտքագրուած են։ Ատենագրութիւններու տուեալները վերջին անգամ ե՞րբ եւ ո՞ր արխիւի գրացուցակին վրայ էին։
-Ո՞ւր են եւ ո՞ր արխիւի մէջ ի պահ դրուած են այս ատենագրութիւնները, եթէ իրականութեան չեն համապատասխաներ բնագրերու բացակայութեան կամ անոնց անհասանելիութեան վերաբերեալ պնդումները։Ուսումնասիրողներ, որոնք «կ՚ուզեն ճշմարտութիւնը բացայայտել», ի՞նչ միջոցով պիտի կարենան հասնիլ այդ ատենագրութիւններուն։
Սեւան Տէյիրմենճեան
Խորհրդական Տիգրանակերտի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի