24 ապրիլ 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ բնակիչ քաղաքագէտներ, գրողներ, բանաստեղծներ, լրագրողներ, մանկավարժներ, գիտնականներ, բանասէրներ եւ բազմաթիւ հայ մտաւորականներ ձերբակալուեցան։ Անոնք նախ աքսորուեցան Այաշ ու Չանղըրը եւ ապա մեծամասնութիւնը սպաննուեցաւ։
Թէեւ 1915-ի կորուստները անկարելի է վերադարձնել, սակայն միասնաբար ապրելու տեսակէտէ արժէքաւոր է հասարակաց յիշողութենէ ներս ստեղծուած ցաւերը ընդունիլ եւ աշխատիլ զիրար առողջացնելու ուղղութեամբ։
Խորհրդարանը պէտք է վերականգնէ իրաւունքները ու պէտք է ապրեցնէ յիշատակը այն մտաւորականներուն, որոնք կ՚աշխատէին յանուն օսմանեան եւ հայ ժողովուրդներու լուսաւորութեան, ոտքի կը պահէին կրթական հաստատութիւնները, կը գրէին, կ՚արտադրէին, կը մտածէին եւ որոնք սակայն սպաննուեցան այս հողերուն վրայ։
24 ապրիլ 1915-ը ողջ աշխարհի կողմէ ընդունուած է որպէս Հայոց ցեղասպանութեան սկզբնաւորութեան թուականը։
Հայոց ցեղասպանութիւնը եղած է աշխարհի տասնեակ խորհրդարաններու քննարկման նիւթը, սակայն երբեք չէ քննարկուած Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս։ Մինչդեռ խորհրդարանը, ուր պէտք է խօսուի մեծ աղէտին մասին, աղէտին պատահած երկրին խորհրդարանն է։ Այսինքն՝ Թուրքիոյ խորհրդարանը։
Աշխարհասփիւռ թուրքիացի հայեր 104 տարիէ ի վեր արդարութիւն կը պահանջեն։ Արդարութիւնը կարելի է վերականգնել միայն Թուրքիոյ ժողովուրդներու խղճին մէջ ու Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս։ Խորհրդարանը, որ պէտք է քննարկէ հայ ժողովուրդը պատուհասած մեծ աղէտը, նախեւառաջ պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ խորհրդարանը։ Այս ուղղութեամբ կը պահանջենք խորհրդարանական քննութիւն մը։
Սեւան Տէյիրմենճեան
Խորհրդական Տիգրանակերտի Պատգամաւոր Կարօ Փայլանի