Լսեցինք վարչապետ Փաշինեանի ուշագրաւ ճառը Երկրապահ կամաւորականներու միութեան 12րդ համագումարի ամպիոնէն, ուր պր. վարչապետը շարք մը լուսաբանութիւններ կը հայթայթէ Փաշինեան-Ալիեւ Վիեննայի հանդիպման եւ առհասարակ Արցախեան Հիմնահարցի միջազգային բանակցութիւններու ներկայ փուլին մասին: Յատկապէս կարեւոր է պր. վարչապետին հաստատումը Մատրիտեան սկզ-բունքներու էութեան մասին: Պր. վարչապետը յիշեալ սկզբունքներու կորիզը ներկայացնող երկուութիւնը անլուրջ եւ անընդունելի կը համարէ եւ կը մերժէ օրակարգի նիւթ համարել զանոնք մինչեւ յիշեալ երկուութեան պարզաբանումը ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան կողմէ: Ան նաեւ կը պնդէ, որ լուծման որեւէ տարբերակ պէտք է ունենայ հաւանութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն… Եւ վերջապէս պր. վարչապետը կը յայտարարէ, որ Հայաստան պիտի հետապնդէ «խաղաղութեան ռազմավարութիւն» թէկուզ զայն պարտադրելով թշնամի կողմին:
Պէտք է ողջունել պր. վարչապետը Մատրիտեան սկզբունքներու էութիւնը դիմակազերծելուն համար: Կը թուի, թէ դիւանագիտութիւնը դրուած է իր օրգանական հակասութեան առջեւ եւ վերջապէս հայկական կողմը կը խօսի սանձերուն տիրապետողի դիրքերէ: Պարզ խօսքով, Մատրիտեան գործընթացը կասեցուած է: Այլ կերպ կարելի չէ բացատրել պր. վարչապետին պատգամը: Եւ այն «խաղաղութեան ռազմավարութիւնը», որուն ինք կ՛ակնարկէ, արդէն իսկ արժեզրկուած է, որպէս բառապաշար, Իլհամ Ալիեւին կողմէ: Ալիեւ կը պատրաստուի պատերազմի:
Բնականաբար խաղաղութիւնը հայկական կողմի անզիջելի նպատակն է եւ այդ մէկը պիտի չփոխուի: Բայց այսօր մեր երկիրը կը դիմագրաւէ պատերազմի սպառնալիքը: Իլհամ Ալիեւ պր. վարչապետին խաղաղութեան անկեղծ մարտահրաւէրը պէտք է ընդունի, առաջին հերթին, որպէս անզուգական պատեհութիւն մը իր երկիրը դուրս բերելու այս դժոխքէն, բայց եւ որպէս ճկուն եւ նոյն ատեն անսխալական վերջնագիր որեւէ մոլորութեան գինը ծանր վճարելու:
Կարդացեք նաև
Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այս համարում