Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մեր պետութիւնը ունի՞ արդեօք պերճանքը Ալիեւի սպառնալիքները լուրջի չառնելու․ «Ասպարեզ»

Ապրիլ 06,2019 10:25

Ասոնք Ալիեւի խօսքերն են յայտնապէս ի պատասխան վարչապետ Փաշինեանի եւ նախարար Տօնոյեանի յայտարարութիւններուն: Ալիեւ կը փութայ աւելցնել՝ «Պատերազմը վերջ չէ գտած: Միայն առաջին փուլն է, որ վերջ գտած է:» Ան նաեւ կը պնդէ, որ բանակցութիւններու նպատակը ատրպէյճանական հողեր ազատագրելն է, քանի որ Արցախի հիմնահարցը միայն մէկ լուծում կրնայ ունենալ Ալիեւի համար: Վերականգնե՛լ Ատրպէյճանի «հողային ամբողջականութիւնը» եւ վե՛րջ: Իսկ ալիեւեան Ատրպէյճանի «հողային ամբողջականութեան» իտէալին մաս կը կազմեն ոչ միայն ազատագրուած տարածքներն ու Արցախը, այլեւ ամբողջ Հայաստանը իր ներկայ սահմաններով եւ առանց հայերու: Ասոնք հրահրիչ վերագրումներ չեն: Այս ցնորական քարտէզը վաղուց գծուած է Ալիեւի ռազմագէտներուն կողմէ:

Բայց այնուամենայնիւ յաճախ կը լսեմ սրտցաւ ձայներ, որոնք կը թուին հաւատալ, որ այս բոլորին ետին պէտք է խոհեմաբար լուսանցք մը տալ Ալիեւի ժողովրդահաճութեան (polpulism) քաղաքական պահանջներուն եւ այդ չափով նաեւ զեղջել վտանգին հաւանականութիւնը… Այսինքն պէտք է ի վերջոյ հասկնալ, թէ ի՞նչ բան է Ալիեւը: Իր խորքերուն մէջ, բանակցո՞ղ մըն է ան, թէ պատերազմող մը: Դժուարահաճ սակարկո՞ղ մը, թէ ժամանակ շահող մը՝ պատրաստուելով յաջորդ գրոհին: Պարզ խօսքով, պէտք չէ անտեսել քաղաքական Ալիեւին ներքին սպառման կարիքները եւ լուրջի առնել իր ռազմամոլ հռետորաբանութիւնը:

Կասկած չկայ, որ այս հարցադրումներուն պէտք է անպայման պատասխան տան հայկական կողմի ռազմագէտները իրենց դժուարին քննարկումներուն մէջ եւ մեր նպատակը չէ փորձել մուտք գործել այդ ներքին ոլորտէն ներս առանց մանաւանդ տիրապետելու անհրաժեշտ տեղեկոյթին:

Բայց մենք պէտք է հաւաքաբար հարց տանք, թէ իսկապէս մեր պետութիւնը ունի՞ արդեօք պերճանքը Ալիեւի սպառնալիքները լուրջի չառնելու: Ունի՞ պերճանքը վտանգը թերագնահատելու եւ իր ռազմավարական առաջնահերթութիւնները ըստ այնմ չդասաւորելու:

Արդար ըլլալու համար, պէտք է ընդգծել, որ ժողովրդահաճութեան (populism) տուեալը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է եւ ունի հակամարտ իրավիճակներու բեւեռացման գործընթացին մէջ, ուր կը գտնուի այս հարցը տարիներէ ի վեր: Պէտք չէ կասկածիլ, որ այդ քաղաքական ախտէն բոլորովին ազատ չենք նաեւ մենք որպէս պետութիւն եւ հասարակութիւն: Այնուամենայնիւ ճակատագրական սխալ մըն է այդպիսի ենթադրութիւններու վրայ ռազմավարութիւն կառուցելը: Նախորդ իշխանութեան օրով ալ կը հնչէին այդպիսի առարկութիւններ: Եվ սակայն երբ ճիշդ պահը ներկայացաւ (ըստ թշնամիի ռազմագիտական հաշիւներուն), Ալիեւ չվարանեցաւ մտնելու Քառօրեայ Պատերազմի արկածախնդրութեան մէջ եւ հակառակ այն իրողութեան, որ հայկական ուժերը կրցան ի վերջոյ ձախողութեան մատնել թշնամիի նախայարձակումը՝ այնուամենայնիւ թշնամին յաջողեցաւ ծանր գին վճարել տալ հայկական կողմին:

 

Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930