Ակնյայտ է, որ հայ-ազրպէյճանական խօսակցութիւնները դեռևս տեղքայլի մէջ են և պատերազմական դրութեան մէջ որևէ շօշափելի փոփոխութիւն առայժմ գոյութիւն չունի հակառակ խօսակցութիւններու մթնոլորտին տրուած Պր. Վարչապետի դրական գնահատականին։ Պարզ է, որ այլ բան ալ կարելի չէր պատկերացնել, քանի որ ոչինչ կայ փոխուած Ազրպէյճանի քաղաքականութեան մէջ։ Նոյն Ալիևեան փցուն մտայնութիւնն է միջազգային կողմերը առևտրա-ֆինանսական խայծերով կաշառելու և Հայաստանի վրայ բանակցային առաւելութիւններ շահելու և միւս կողմէ պատրաստուելու ռազմական նոր արկածախնդրութիւններու։
Այս կացութեան մէջ, ինչպէ՞ս դուրս բերել Արցախեան հիմնահարցը իր ներկայ աւազախրումէն։ Ինչպէ՞ս ստեղծել ջրբաժանը այս փակուղային կացութեան և նոր դիւանագիտութեան միջև։
Կեանքը ցոյց տուաւ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան հովանիին տակ գործող բանակցային գործընթացը, իր ներկայ առաջադրութիւններով, կը մնայ և պիտի մնայ ապարդիւն այնքան ատեն, որ Բաքու կը յամառի պատերազմական վիճակը երկարաձգելու Ալիևեան իր քաղաքականութեան վրայ։
Կարօ Արմենեան
Մարտ 31, 2019
Ուաշինկթըն
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում: