Վիեննայի մէջ կատարուած հանդիպումը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կարելի է սեպել, այս տարուան երկրորդը, նկատի ունենալով որ, տարեսկիզբին՝ Յունուարի աւարտին, Տաւոսի (Զուիցերիա) մէջ տեղի ունեցած էր շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ տը եուրէ՝ չնախատեսուած եւ տը ֆաքթօ՝ նախատեսուած հանդիպում մը:
Հետաքրքրական էր, այդ հանդիպման շուրջ ստեղծուած խառնաշփոթ վիճակը: Մանաւանդ, որ հանդիպման նախօրեակին, կամ աւելի ճիշդը նմանօրինակ հանդիպում մը դասաւորելու համար Սպիտակ Տան ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր վարչապետ Փաշինեանի հետ, որպէսզի չնախատեսուածը նախատեսուէր, այսինքն երկու թշնամի երկիրներուն ղեկավարները տեսակցութիւն մը ունենային:
Աւստրիոյ նախագահական բանբերը տեղեկացուց, թէ Վիեննայի մէջ Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան տեր Պելէնն ալ հանդիպում մը պիտի ունենար երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ: Այդպէս ալ պատահեցաւ։
Նախքան Վիեննա մեկնիլը վարչապետ Փաշինեան ընդունած էր ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը, ուր անգամ մը եւս նշած էր, թէ փոխադարձ վստահութեան եւ խաղաղ հոլովոյթի համար անհրաժեշտ մթնոլորտի ձեւաւորման քայլեր պէտք է որ իրականացուին եւ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթը պէտք է շեշտուի:
Կարդացեք նաև
Տեղին է նշել, որ միեւնոյն ժամանակ, սահմանագիծի հիւսիսարեւելեան տարածաշրջանէն ներս, ատրպէյճանական բանակայիններ փորձեցին անակնկալ յառաջխաղացք մը արձանագրել, որ ապարդիւն դուրս եկաւ:
Վիեննայի հանդիպումին եւ ընդհանրապէս Արցախի հիմնահարցին հետ առնչուող տեսակցութիւններուն առաջնահերթութիւն մըն է հայկական կողմին համար, իր վերապահութիւնը յայտնելու Մատրիտեան սկզբունքներուն նկատմամբ։ Այս մէկը կողմնակալ առաջարկ մը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ, որ հիմնովին անհամաչափ պահանջներ կը բովանդակեն` Արցախի կողմէ հողերու եւ անվտանգութեան նախնական, ռազմավարական եւ անվերադարձ զիջումներ`Ատրպէյճանի կողմէ կարգավիճակի վերաբերեալ պղտոր խոստումներու դիմաց:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում