Աւստրալիահայ քաղաքական գործիչ Կլատիս Պերեճիքլեան Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրելով դարձած է առաջին կին գործիչը, որ ընտրուած է նահանգի վարչապետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սիտնի Մոռնինկ Հերըլտ» օրաթերթը:
Պերեճիքլեանի քաղաքական ուժը` Ազատական կուսակցութիւնը յաղթած է ընտրութիւններուն մէջ իր հիմնական մրցակիցին` Աշխատաւորական կուսակցութեան:
Ան իր յաղթանակին մասին տեղեկանալէ ետք փորձած է զսպել արցունքները եւ յայտարարած, թէ Նիւ Սաութ Ուէյլզը այն նահանգն է, ուր «երկար մականուն ունեցող կին գործիչը կրնայ ընտրուիլ վարչապետ»:
«Ես անասելիօրէն հպարտ եմ այն վայրին համար, ուր մենք կ՛ապրինք: Եւ ինծի համար ամէնէն կարեւորը այն է, թէ անկախ ատկէ, թէ ի՛նչ ծագում ունիս, ո՛ւր կ՛ապրիս եւ ի՛նչ պայմաններու մէջ, այս նահանգին մէջ իւրաքանչիւրը ունի կարելիութիւն ըլլալու լաւագոյնը», ըսած է Պերեճիքլեան` յաղթանակէն ետք իր համակիրներուն առջեւ արտասանած խօսքին մէջ:
Թէեւ ընդդիմութեան ղեկավար, Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Մայքըլ Տելի նշած է, որ ընտրութիւններու յայտարարուած արդիւնքները տակաւին վերջնական չեն, սակայն հեռաձայնած է Պերեճիքլեանին եւ շնորհաւորած զայն:
Աւստրալիոյ վարչապետ Սքոթ Մորիսըն իր կարգին շնորհաւորած է աւստրալիահայ գործիչը եւ անոր խումբը ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած «իւրայատուկ, կարգապահ եւ խիզախ յաղթանակին առիթով»:
Նշենք, որ Կլատիս Պերեճիքլեան 2017-էն ի վեր կը վարէր Նիւ Սաութ Ուէյլզի վարչապետի պաշտօնը: Այդ ժամանակ Ազատական կուսակցութեան ղեկավար Մայք Պայրտ հրաժարած էր, եւ կուսակցութեան անդամները միաձայնութեամբ նոր ղեկավարի եւ նահանգի ղեկավարի պաշտօնին ընտրած էին Պերեճիքլեանը:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Շնորհաւորէ
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը շնորհաւորած է Կլատիս Պերեճիքլեանը Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ ընտրուելուն առիթով:
«Ասիկա պատմական օր է Աւստրալիոյ հայկական համայնքին եւ ամբողջ հայկական սփիւռքին համար, քանի որ տիկին Պերեճիքլեանը կը շարունակէ ըլլալ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ գործող ամէնէն հզօր կիներէն մէկը», նշած է Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան: Ան ընդգծած է, որ Պերեճիքլեանը պիտի ղեկավարէ Քսաններու խմբակի անդամ երկիրներու մեծագոյն նահանգը:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ շնորհաւորած է ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած այն գործիչները, որոնք հայ համայնքի բարեկամ կը նկատուին:
aztagdaily.com