Թուրքիոյ փոքրամասնական համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները վեց տարիէ ի վեր չեն կայանար, որովհետեւ ընտրական կանոնադրութիւնը ջնջուած է 19 յունուար 2013-էն ի վեր։ Իսկ նոր կանոնադրութիւնն ալ, հակառակ փոքրամասնական համայնքներու բուռնպահանջքներուն, ակաւին չէ հրապարակուած։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը, ի դերեւ հանելով ժողովրդավարական լուծում ակնկալող փոքրամասնական համայնքներուն յոյսերը, հրապարակեց շրջաբերական մը, որով «վարչութիւնները՝ մահուան կամ հրաժարումի հետեւանքովթափուր մնացած տեղերը պիտի կարենան լրացնել նշանակումի ճանապարհով»։
Այս նիւթին շուրջ հարցապնդում մը ուղղեցինք մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսօյին, որու ենթակայութեան տակ կը գործէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը։
-Ի՞նչ պատճառաբանութեամբ նշանակումի արտօնութիւն տրուած է չորս տարուան ժամկէտի մը համար ընտրուած անձերուն, որոնք, 8-տարիէ ի վեր պաշտօն վարելով հանդերձ, վերստին չեն վաւերացուած իրենց համայնքներուն կողմէ։
-Այս շրջաբերականի նպատակը արդեօք համայնքային մարմիններու ընտրութիւնները դարձեալ յետաձգել, նոյնիսկ զանոնք առհասարակ վերացնե՞լն է։
-Համայնքային մարմիններու ընտրութիւնը կանոնակարգող կանոնադրութիւնը արդեօք ի՞նչ պատճառաբանութեամբ չի պատրաստուիր վեց տարիէ ի վեր։ Կանոնադրութիւնը ե՞րբ պիտի հրապարակուի։