Ստեփանակերտի մէջ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ գումարելու որոշումը կարելի չէ պատահական նկատել:
Հայաստան եւ Արցախ, իրենց պաշտպանութեան ուժերով եւ իրենց դիւանագիտական միջոցներով՝ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ռազմական քայլերու բարձրագոյն պատրաստուածութեան վիճակի մէջ պէտք է ըլլան եւ են: Մեզի համար ալ ազգային անվտանգութեան այդ արտահերթ նիստը ազդանշան պէտք է նկատուի՝ զօրաշարժի պատրաստ ըլլալու, տեղեկատուական եւ քաղաքական-յարաբերութիւններու աշխատանքներու մեր բաժինը յառաջ տանելու այս ափերուն վրայ:
Պահը կը թելադրէ, որ յատկապէս Ատրպէյճանին պատգամ յղուի ազգային մեր միասնական ու անվերապահ յանձնառութեան մասին: Մենք կանգնած ենք մեր պետութեան կողքին՝ արտաքին որեւէ յարձակում դիմագրաւելու: Մենք մեր յաղթական բանակի թիկունքը հզօր կը պահենք: Ներազգային միւս բոլոր հարցերը այս պահուն երկրորդական են:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում