Նորութիւն։ Վերջերս հայրենիքի եւ Սփիւռքներու տարածքներուն, հայ մարդոց բերնին մէջ նոր «առաջարկ» մը բերնի ծամօն դառնալով, անժամանակ ալիք մը ստեղծած է նաեւ փոթորկելով ազգային մեր մտածողութիւնն ալ։
Պատճառ. որովհետեւ Երեւանէն՝ մեր հանրապետութեան ազգային օրհներգը փոխելու առաջարկ մը մէջտեղ նետուած էր։ Չես գիտեր ինչո՞ւ։ Կարծես ֆութպոլի գնդակ մը ըլլար, որ դիտմամբ նետուած ըլլար աշխարհի հայ մարդոց մտքերու դաշտին վրայ, որպէսզի մարդիկ եւ «որովհետեւ այս օրերուն ուրիշ մտահոգութիւն չունէին»՝ միայն այս գնդակով «խաղային»։
Սփիւռքը, մամուլի եւ կազմակերպութիւններու իր միջոցներով, անմիջապէս հակադարձեց եւ օրին հրապարակեց եւ տեղին, արդար ու արժանի ձեւով իր ընդվզումը բացայայտեց։
Բայց, ամէն բանէ առաջ հարկ է յիշեցնել, թէ մեր անկախ եւ հզօր պետութիւն մը ունենալը, հո՛ս, Սփիւռքի մէջ ապրողներուս համար, ամէն օր մեզ զգաստութեան հրաւիրող, մեր յիշողութիւնը նաւարկող կարեւոր եւ լաւագոյն ազդակն է։ Մենք զմեզ աւելի հզօր զգալու կենսատու աւիշ։ Ու միշտ մենք բոլորս ալ հայրենիքով ապրած եւ կ՚ապրինք, կ՚ուրախանանք եւ կը տագնապինք։ Նոյնիսկ եթէ հայրենի հպատակութիւն չենք ստացած, այդ չի նշանակեր, որ հայ ըլլալէ դադրած ենք. կամ աստիճան մը պակաս հայ…։ Ամենեւին։ Սխալ չհասկնանք։
Միւս կողմէ ճիշդ է, որ անկախութիւն ըսուածը կամ աւելի ճիշդ ազատ խօսքի իրաւունքը, մարդոց լիարժէք դրսեւորման բնական իրաւունքն է ու նաեւ ճիշդ է, որ ներկայիս մեր հայրենիքէն ներս, շնորհիւ «թաւշեայ» յեղափոխութեան, մեր հայրենակիցները աւելի ազատ ու համարձակ ամէն առիթով կ՚արտայայտուին, կը բողոքեն, ցոյցերու միջոցով իրենց կարծիքը կը յայտնեն, բայց …ամէն «բան» սահման ունի…։
Յիշեցնեմ։ Մեր երկրի անկախութեան տիրանալը կամ ազատ եւ անկախ դառնալը մեր բոլորի երազանքը եղած էր։ Ձգտած ենք։ Ուր որ ալ գտնուած, ապրած կամ բնակութիւն հաստատած ենք, անպայման երազած ենք ունենալ անկախ հայրենիք մը։ Ազատ շնչող Հայաստան մը։ Անկախ պետականութիւն մը։ Ու հասած ենք մեր երազին ու ձեռք ձգած մեր երկրի անկախութեան եւ պետականութեան՝ շնորհիւ մեր կամքին, մեր արիւնին, մեր ուժին, մեր միասնութեան եւ մարտունակութեան։
Տակաւին ամիսներ առաջ էր, երբ ազգովին հպարտանքով յիշատակեցինք մեր ազատ եւ անկախ Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակը եւ շեշտեցինք, որ ներկայ հայրենիքը անոր ժառանգ էր։ Հաստատեցինք նաեւ, որ նոյն այս անկախութիւնը իր հետ բերած էր հայկական մեր դրօշը, օրհներգին ու պետական զինանշանին հետ միատեղ։ Ու չմոռցանք նոյն ատեն բոլորով, ազգային մեր ուխտն ալ նորոգեցինք։
Ու այսօր, չես գիտեր ինչո՞ւ, յանկարծ այս «փոփոխութեան» առաջարկը, որուն իբրեւ հարազատ արդիւնք՝ անժամանակ աղմուկ։ Արդեօ՞ք թնճուկ ալ է։
Ամէն առիթով յիշած եմ. հայ ըլլալը յաճախ բարդ է եւ դժուարին։ Բայց նմանապէս հերոսկան ալ է։ Ճակատագիր է եւ պատգամ։ Դարերու խորքէն եկած պատգամ, որ շատերու համար ալ՝ այնպէս կ՚երեւի՝ անհասկնալի։
Պարզ յիշեցում մը եւս։ Երբ մենք մեր պետականութիւնը հաստատած էինք, աշխարհի վրայ ազգային պետութիւն ըսուածն ու անոր իմաստը, դերն ու նշանակութիւնը առհասարակ չգոյ էր։ Նոյնիսկ՝ անկարելի։
Արդ, այս օրերուն, կարծես ուրիշ հարց չունէինք եւ նաեւ կարծես, թէ մեր բոլոր ներքին եւ արտաքին խնդիրներն ու մտահոգութիւնները լուծած ալ ենք։
Որո՞ւ վրայ կը խնդանք։ Արդեօ՞ք կրցած ենք փոխել կամ բարեփոխել մեր երկրի ընկերային, ուսումնական, կրթական, ներքին կամ արտաքին քաղաքական, կաշառակերութեան, անգործութեան, աղքատութեան եւ ապօրինի շահագործման յատուկ իրավիճակները։ Արդեօ՞ք մտածած ենք բարեփոխել հայրենի մեր հարզատներուն իրենց ներկայի յուսահատ կեանքը։ Կրցա՞ծ ենք բարօրութեան ի խնդիր մեր ծրագիրները իրագործել։ Մարդոց կեանքը փոխել։ Բարելաւել։ Տուն-տեղ ապահովել։ Բանակը առւել հզօրացնել։ Աւելի հանգիստ ու ապահով օրեր պարգեւելու մասին փոփոխութիւններ կատարել։ Արդեօ՞ք ամէն «բան» սահուն ընթացքի մէջ ըլլալով, յանկարծ յիշած ենք, որ միայն այս «կարեւոր» հարցը մնացած էր անլուծ ու հիմա ժամանակն էր, որ զայն «լուծէինք»։
Գէորգ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում