Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ոչինչ փոխուած է Պաքուի քաղաքականութեան մէջ․ «Հայրենիք»

Մարտ 09,2019 10:00

Հայաստանի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն առաջ տարբեր հարթակներու վրայ կատարուած յայտարարութիւնները կը նշէին նոր իշխանութիւններու ձեւաւորումէն ետք՝ ստեղծուելիք բարենպաստ պայմաններու մասին, որոնք ձեռնտու պիտի ըլլային Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին բանակցային հոլովոյթը վերակենդանացնելու եւ յառաջընթաց արձանագրելու իմաստով։

Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետիարովի Յունուար 16-ի Փարիզեան հանդիպումը նման նախատեսութիւններու յաւելեալ առիթ մը եղաւ, երբ յայտարարուեցաւ, որ երկու ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու քայլերու պահանջին շուրջ համախոհութիւն գոյացած է։ Աւելի՛ն, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդական առաքելութեան տարողութեան վերաբերեալ նաեւ որոշ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, երբ փոխանակ համանախագահներուն առաջարկները լսելու եւ անոնց մասին կարծիք յայտնելու, Մնացականեան յայտարարեց, որ Մամետիարովի հետ կը պայմանաւորուի եւ ապա մեր առաջարկութիւնները կը դիտարկուին Մինսքի խումբին կողմէ։

Նախապէս այդպէս չէր։ Մինսքի խումբի համանախագահները որոշ առաջարկներ կը կատարէին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի դիւանագիտութիւններուն պետերը զանոնք ուսումնասիրելով՝ կ՛ընդունէին կամ կը մերժէին զանոնք։
Ընդունուած կարգէն շեղելու այս միտումը սակայն երկար կեանք չունեցաւ։ Նախ՝ Ատրպէյճան, յստակացուց, թէ ոչինչ փոխած է Արցախեան տագնապին նկատմամբ իր պետական ուղեգիծէն։ Արցախը՝ ըստ Պաքուի, կը պատկանի Ատրպէյճանի եւ պէտք է վերադարձուի, որպէսզի լուծում մը գտնէ տագնապը։ «Լուծման այլ պատկերացում գոյութիւն չունի Ատրպէյճանի համար», զանազան առիթներով կը յայտարարէր նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ երեք անգամ՝ Տուշանպէի, Սէնթ Փեթերզպուրկի եւ Տաւոսի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ կ՛ունենար նախապէս չծրագրուած հանդիպումներ, որոնք նաեւ կը ձգէին այն տպաւորութիւնը, թէ Մինսքի խումբի օրինական շրջագիծէն դուրս ինչ որ աշխատանքային նախագիծ մը շրջանառութեան դրուած է։

Եվ ապա կողմերը վերադարձ կը կատարէին սկզբունքային կեցուածքներու եւ դիրքորոշումներու, որոնք տագնապին լուծման նկատմամբ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն պատկերացումներուն միջեւ յստակ տարբերութեան մասին կը վկայեն։
Նախ Ատրպէյճանի նախագահը Պաքուի մէջ Մարտ 5-ին ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքը, եւ յայտարարեց, որ Հայաստան կ՛արգելակէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման բանակցային հոլովոյթը։ Ան նաեւ ներկայացաւ իբրեւ խաղաղասէր եւ պնդեց, որ Ատրպէյճան չափազանց շահագրգռուած է տագնապին շուտափոյթ լուծմամբ։

Բայց լուծում մը, որ հայկական ուժերը կը հեռացնէ Լեռնային Ղարաբաղէն՝ զայն Ատրպէյճանի վերադարձնելով․․․Այսինքն՝ ոչինչ փոխուած է Պաքուի քաղաքականութեան մէջ։

 

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031