Բոլոր երեւոյթները այսօր ցոյց կու տան, որ ՀՀ Ազգային Օրհներգը լուծարելու ծրագիրը պատահական քմայքի ծնունդ չէ։ Ան Ազգային Ժողովի Փոխ-Նախագահ Ալէն Սիմոնեանի բարդոյթներէն ծնած սոսկ նախաձեռնութիւն մը չէ։ Անոր ետին գոյութիւն ունի մէկ ամբողջ հաստատութիւն (establishment) իր կանխամտածուած ռազմավարութեամբ, որուն նպատակն է լուծարել ոչ միայն Օրհներգը, ոչ միայն աղաւաղել ազգային Եռագոյնը եւ ՀՀ Զինանշանը, այլեւ հարազատ այս խորհրդանիշներով մարմնաւորուած մեր անկախ պետականութեան ազգային գաղափարախօսութի՛ւնը։
Պր. Սիմոնեանի դիմատետրի գրառումները այսօր արդէն կը ծանուցեն իշխանութեան հեռահաս նախաձեռնութիւնը։ Պր. Սիմոնեան եւ իր գաղափարակիցները արդէն անցած են գործի Օրհներգի պաշտօնական լուծարման համար հող պատրաստելու։ Պր. Սիմոնեան կը ծանուցէ հրապարակային մրցոյթ Խորհրդային Հայաստանի «հիմն»ի բառերը նոր բառերով փոխարինելու։ Այսինքն՝ ծածկելու՛ անոր ստրկահաճ ստալինական էութիւնը եւ զայն բռնի հրելու մեր ժողովուրդի կոկորդն ի վար։ Ան նաեւ կը ծանուցէ անունները իր կողմէ նշանակուած «աշխատանքային խումբ»ի անդամներուն, որոնք կոչուած են ընտրելու ներկայացուելիք տարբերակներուն միջեւ։ Երեւի նմա՛նը նախորդ իշխանութեան կողմէ Արամ Մանուկեանի յուշակոթողի ճակատագիրը որոշողներու խառնափնթոր գործընթացին։
Ըստ պր. Սիմոնեանի գրառման, այս խումբին անդամներն են՝
«…Աշխատանքային խմբի կազմ /համալրուող/՝
1․ Դանիել Երաժիշտ, դիրիժոր, երաժշտագէտ
2․ Տէր Ասողիկ, հոգևորական, Մայր Աթոռ
3․ Արամ Սաթեան, Կոմպոզիտորների Միութեան նախագահ
4․ Ալէն Սիմոնեան, ԱԺ նախագահի տեղակալ
5․ Էդուարդ Միլիտոնեան, Գրողների Միության նախագահ
6․ Նիկոլայ Կոստանդեան, Կոմիտասի Թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն
7․ Արմինե Գրիգորեան, Արամ Խաչատրեանի Տուն-Թանգարանի տնօրէն
8․Հէնրիկ Յովհաննիսեան, ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ, դոկտոր, պրոֆեսոր
9․ Ֆելիքս Բախչինեան, գրականագէտ
10․ Դաւիթ Գիւրջինեան, Լեզուի Պետական Կոմիտէի նախագահ»
Կը պարզուի, որ Պր. Սիմոնեան ինքզինքն ալ նշանակած է դատակազմի անդամ…Նշանակուած են շարք մը հեղինակաւոր դէմքեր արագօրէն հարազատագրելու (legitimize) եւ ի վերջոյ օրինականացնելու համար ազգային հոգևոր հարստութեան այս բացորոշ սպանդը։ Այսպէս էր ստալինիզմի օրերուն եւ այսպէս կը թուի ըլլալ հիմա։ Բայց ինչո՞ւ հիմա…Ի վերջոյ հայ մշակոյթի բեմին վրայ կարեւոր դիրքերու կոչուած այս մարդիկ անձնական պարտաւորութիւն մը ունի՞ն մեր անկախ պետականութեան հանդէպ։ Կը կրկնե՛մ։ Մեր մշակոյթը յետին մանրամասնութեամբ բանասիրող այս հանրահռչակ մտաւորականները անձնական յանձնառութիւն մը եւ անզիջելի պատասխանատուութիւն մը ունի՞ն հայ բանին հանդէպ եւ քաջութի՛ւնը՝ անոր դէմ եղած այս զազրելի ոտնձգութիւնը մերժելու եւ կտրել-նետելու իշխանութեան ներսը պալարուող այս ախտը։ Թէ պարզապէս իրենց պարտականութիւնն է առաջնորդուիլ անգրագէտներու այս իշխանութեան հրահանգներով։ Եւ, խնդրեմ, մի՛ փորձէք աղաւաղել իմ հարցադրութեան միտք բանին։ Ես մեծ յարգանք ունիմ Հենրիկ Յովհաննիսեանի եւ Դաւիթ Գիւրջինեանի պէս մարդոց հանդէպ։ Կասկած չունիմ, որ նոյնքան յարգանքի արժանի են նաեւ միւսները։ Բայց այստեղ մեծ աղէտ մըն է, որ կը նիւթուի մեր ազգային հոգեւոր հարստութեան դէմ եւ դուք, պր. Սիմոնեան, բարոյական իրաւունքը չունիք մեր հոգեւոր կեանքի առաջնորդներու այս հոյլը վարկաբեկելու մեր ժողովուրդի աչքին։
Եւ յետոյ ի՞նչ բան էր այսօրուան Հանրային Հեռուստատեսութեան եթերով հեռասփռուած «Ունէք Խնդիր՝ Եկէք Հասկանանք» յայտագրի թողարկումը յատկացուած ՀՀ Ազգային Օրհներգի հրապարակային գզգզման։
Այս արշաւը կանգ պիտի առնէ։ Ազգային Օրհներգը եւ ազգային միւս խորհրդանիշները այլընտրանք չունին։ Ասիկա սոփեստութեան խաղադաշտը չի կրնար ըլլալ։ Մեր ժողովուրդի արեամբ եւ քրտինքով եւ հանճարո՛վ նուիրագործուած մեր ազգային խորհրդանիշները պիտի չփոխուին եւ ՎԵՐՋ։ Եւ բոլոր անոնք, որոնք քաղաքական հաշիւներով կամ փառամոլութեամբ կամ անգիտութեամբ կամ անփութութեամբ իրենց անունները կը կապեն այս այլանդակ նախաձեռնութեան, հաշուետու պիտի ըլլան իրենց խղճին առջև, որ շատ խիստ դատաւոր մըն է։
Փետրուարի 18ին, 1921 թուի բոլշևիկեան բռնատիրութեան դէմ Փետրուարեան Ապստամբութեան ոգեկոչումը չկար այս իշխանութեան օրակարգին վրայ, բայց արդէն պարզ է, որ մեր ժողովուրդի այդ հերոսական պոռթկումը առաջնորդող ՀՀ Ազգային Օրհներգի լուծարման ծրագիրը օրակարգի վրայ էր։ Փետրուարեան Ապստամբութեամբ՝ մեր ժողովուրդը ըսաւ իր վերջին խօսքը բոլշեւիզմի մասին։ Կասկած մի՛ ունենաք, որ այդ խօսքը ի զօրու է, այդ խօսքը «ուժի մէջ» է նաեւ այսօր։
Կարօ Արմենեան
Փետրուար 20, 2019
Ուաշինկթըն