17 Փետրուար թուակիր հաղորագրութեամբ մը, Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ապահովական հարցերու նուիրուած Միւնիխի միջազգային համաժողովի գլխաւոր նիստին ընթացքին, Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսի խստօրէն քննադատեց Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող ահաբեկչական կազմակերպութեանց գործունէութիւնը եւ յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, առանց սակայն «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելու։
«Եգիպտոսի նախագահը, սակայն առաջին քայլ մը կատարեց այդ ուղղութեամբ, ներկայ իրողութիւններու լոյսին տակ անհրաժեշտութիւնը տեսնելով անոր յիշատակման: Նախապէս ան խօսած էր Եգիպտոսի՝ հայ գաղթականներ ընդունած ըլլալուն մասին, սակայն պատճառին մասին չէր խօսած», կը յայտարարէ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբը, նոյն ժամանակ ողջունելով Եգիպտոսի նախագահին այս քայլը, զայն գնահատելով ոչ միայն իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախաքայլ, այլ նաեւ ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխելու եւ արգիլելու նպատակով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախաձեռնութեան դրականօրէն արձագանգելու եւ անոր միանալու խոստում:
«Մենք մեր ձայնը կը միացնենք նախագահ Սիսիի, պահանջելով հաշուետուութեան կանչել ահաբեկչական կազմակերպութիւններ խրախուսողները եւ ժողովուրդներու ճակատագիրը ջլատողները, զանոնք դժբախտացնողները», կ՛եզրակացնէ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Նշենք, որ Սիսի նաեւ եւրոպական պետութիւններէն պահանջեց ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ