Հայ ազգի արժանաւոր զաւակ Միքայէլ Աւագեանի՝ Ախալքալակի Բուղաշէն գիւղին մէջ տեղադրուած յուշարձանը առիթ դարձած է, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը իր մարդատեաց, արատաւոր եւ սադրիչ քաղաքականութեան մէջ ներքաշէ այժմ ալ հարեւան Վրաստանի մէջ ապրող իր հայրենակիցները՝ հրահրելով ազգամիջեան անկայունութիւն:
Վրաստանի խորհրդարանին առջեւ կայացած հանրահաւաքին ժամանակ՝ անոնք պահանջած են կազմաքանդել արցախեան ազատամարտի մասնակից մեր հայրենակիցին յուշարձանը՝ ներկայացնելով զայն իբրեւ Վրաստանի թշնամի: Ցաւօք, այդ այլանդակութեան կ՝աջակցին Վրաստանի ընդդիմութեան որոշ ներկայացուցիչներ: Սակայն, մեզի հասած տեղեկութիւններով, Վրաստանի իշխանութիւնները՝ մինչ այս պահը՝ կը ցուցաբերեն հաւասարակշռուած մօտեցում այս հարցին շուրջ, որ մենք կ՝ողջունենք եւ կոչ կ՝ընենք Վրաստանի իշխանութիւններուն այսուհետեւ եւս չյանձնուիլ ատրպէյճանական սադրանքներուն:
Մենք խորապէս շահագրգռուած ենք Վրաստանի կայունութեան եւ հայ-վրացական դարաւոր կապերու զարգացման շուրջ: Հայկական Սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններ արդէն յայտարարութիւններ տարածած են այս հարցին վերաբերեալ: Մենք՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող շարք մը կազմակերպութիւններ՝ նոյնպէս կը յայտարարենք, որ աներկբայ կանգնած ենք Վրաստանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն կողքին, կը դատապարտենք ատրպէյճանական հերթական սադրանքը եւ ամէն ինչ պիտի ընենք այս եւ այլ սադրանքներու չէզոքացման համար:
ԱՄՆ Հայդուկ միութիւն
ԱՄՆ Գէոպոլիտիկ ակումբ
ԱՄՆ հայ գրողներու եւ լրագրողներու միութիւն
Ի պաշտպանութիւն Հայաստանի
Սասնա Ծռեր Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
ԱՄՆ Արմաւիրի հայրենակցական միութիւն
Հայկական վերածնունդ Նիւ Եորքի մասնաճիւղ
Հայկական վերածնունդ Պոսթընի մասնաճիւղ
Սփիւռքի միասնութեան հարթակ
ԵՌԱԳՈՅՆ