Արցախի տագնապին շուրջ բանակցային հոլովոյթին վերաշխուժացումը յուշող տարբեր նախաձեռնութիւններու, քայլերու եւ յայտարարութիւն- կեցուածքներու վերջին շրջանի մթնոլորտին մէջ Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Պապայեանի զգայացունց յայտարարութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ արցախցի պետական պատասխանատուներ որոշ յստակացումներ կատարեն՝ բաւական լայն բանալով կարկինը, Արցախի ապահովութեան, պետական սահմաններուն եւ արցախցիներուն ապագային երաշխաւորման հարցերուն շուրջ։
Պապայեան՝ Ազատութիւն լրատու գործակալութեան տուած իր հարցազրոյցին մէջ նշած էր, որ երկու տարի առաջ՝ 2017-ին Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան Ստեփանակերտի մէջ դահլիճի մը մէջ հաւաքած է Արցախի կառավարման վերնախաւը եւ խօսած՝ հողային զիջումներու մասին։ Ըստ Պապայեանի, ոչ ոք չէ ընդդիմացած Սարգսեանի։ Այսինքն՝ կամ Սարգսեան ճնշումներ բանեցուցած է արցախցիներուն վրայ, կամ ալ Ստեփանակերտի կառավարման վերնախաւը համաձայն գտնուած է Սարգսեանի տեսակէտին, թէ հողային զիջումներ պէտք է կատարել։
Բարեբախտաբար՝ Սամուէլ Պապայեանի այս բաւական վտանգաւոր յայտարարութեան հակազդեցութիւնը չուշացաւ եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախկին նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբեր Դաւիթ Պապայեան հակադարձեցին Սամուէլ Պապայեանի։
Նախ Աշոտ Ղուլեան յստակացուց կարեւոր հանգամանք մը եւ վերահաստատեց արցախցիներուն վճռակամութիւնը՝ իրենց հողերը պահպանելու առնչութեամբ։ Ան յիշեցուց, որ փաստերու խեղաթիւրում գոյութիւն ունի, որովհետեւ այդ հանդիպումէն ետք՝ թէ՛ պաշտօնական Երեւան եւ թէ՛ Պաքու առաւել խստացուցին իրենց ոճը։ Ասիկա կը նշանակէ, որ արցախցի պատասխանատուները Սարգսեանի փոխանցած կ՛ըլլան իրենց դիրքորոշումը՝ ոչ իսկ թիզ մը հող զիջելու։
Ղուլեան աւելին ըսաւ․ «Տարածք՝ խաղաղութեան դիմաց, տարածք՝ կարգավիճակի դիմաց կամ տարածք՝ միջազգային երաշխիքներու դիմաց սկզբունքները անընդունելի են»,- գրեց Ղուլեան Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ։
Իր կարգին՝ նախկին վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան նկատել տուաւ, որ հող յանձնելու մտադրութիւն ունեցող իշխանութիւնը Վարդենիս – Մարտակերտ մայրուղի չի կառուցեր, ոչ ալ սահմանը եւ բանակը կ՛ամրացնէ եւ կը հզօրացնէ։ Ան նաեւ կատարեց ճշգրտում մը, թէ Սամուէլ Պապայեանի յիշած հանդիպումը ոչ թէ 2017-ին, այլ՝ 2016-ի ապրիլ եւ յուլիս ամիսներուն տեղի ունեցած է։
Ա․Ա․
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում