Վերջին քանի մը օրերուն, անգամ մը եւս բեմահարթակի վրայ է «Մեր Հայրենիք» քայլերգը փոխարինելու եւ նոր օրհներգ մը պատրաստելու մտայղացում-առաջարկը։
Բազմիցս այս նիւթը արծարծուած ու պարզապէս «ծեծուած» է։ Նոյնիսկ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան օրերուն, փաստացի արտայայտութիւններ եղած են, թէ այնքան ատեն որ Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը գործօն է կառավարութեան մէջ, կարելի չէ օրհներգին խնդիրը արծարծել: Հաստատում մը կամ արտայայտութիւն մը, որ հայորդիէն աւելի կրնայ մտահոգել երդուեալ դաշնակցականը։ Արդարեւ, այս վերջինը, առանց տատամսելու իրաւունք ունի բացայայտելու իր ընդվզումն ու ցասումը, նմանօրինակ հաստատումի մը դիմաց։ Դաշնակցականի մը համար յստակ է տարբերութիւնը Հայաստանի «Մեր Հայրենիք» քայլերգին եւ իր պատկանած եւ հաւատամքով երդում տուած կուսակցութեան «Մշակ Բանուոր» քայլերգին։ Անոր համար, պարզ ու մեկին յստակ է թէ «Մեր Հայրենիք»-ը իր հայրենիքինն է։
Ճի՛շդ է․․․պատմութիւնը կը փաստէ, որ Ա․ հանրապետութեան օրերուն, դարեր շարունակ պայքարած հայ ժողովուրդի ծննդոցին արդիւնքն է ո՛չ միայն «Մեր հայրենիք» քայլերգը, այլ նաեւ եռագոյն դրօշն ու զինանշանը՝ երեք հիմնական խորհրդանիշները։
Հոս տեղին է նշել, թէ 2015-ի Սահմանադրութեան 21-րդ յօդուածին մէջ յստակօրէն կը ներկայացուի եռագոյն դրօշակին ու զինանշանին հիմնական նկարագրութիւնը։ Իսկ «Մեր Հայրենիք»-ի առնչութեամբ միեւնոյն յօդուածը ոչ յստակ նախադասութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ «Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը սահմանւում է օրէնքով»։
Պատմութեան էջերը լաւապէս թերթատելով, կարելի է ամենայն յստակութեամբ իմանալ, թէ Յունիս 1991-ին այդ օրերու Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը կազմակերպած է մրցոյթ մը, որ ապարդիւն եղած է։ Նմանօրինակ երկու մրցոյթներ ալ կազմակերպուած են այն թուականներուն, երբ Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէր կառավարութեան։
Մինչդեռ այն աւելի քան եօթ տարիներուն (2009-էն 2016), երբ Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը կառավարութեան մաս չէր կազմեր եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւն կը նկատուէր, այս քայլերգին շուրջ ստեղծուած փոթորիկը մարած էր։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում