Aztagdaily.com Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Լին Թրէյսիին հետ, որ շուտով պիտի սկսի իր առաքելութիւնը Երեւանի մէջ.
«Մենք ոգեւորուած էինք դեսպան Թրէյսիին հետ հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող մեր կառուցողական քննարկումներով, եւ մենք, իբրեւ հայազգի ամերիկացիներ, անհամբերութեամբ կը սպասենք դեսպանին եւ անոր խումբին հետ աշխատելուն` յառաջ մղելու համար մեր ընդհանուր նպատակները», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան: