ՀՄՄ-ի Խալիլ Պատաուիի (Լիբանան) ակումբին մէջ, Շաբաթ Յունուար 26-ին, Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան եւ բեմադրիչ ու արտադրող Քատիր Աքըն ուրախ պահեր վայելեցին ՀՄՄ-ի սկաուտական շարքին հետ, հայտնում է «Եռագույնը»:
Ըստ «Արարատ» օրաթերթի փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ ակումբի մուտքին հիւրերը ողջունեց ՀՄՄ-ի փողերախումբը, ապա Փայլան եւ Աքըն շրջագայեցան ակումբին մէջ, ծանօթացան ՀՄՄ-ի սկաուտական շարժումին, խմբակներուն, եւ ականատես դարձան անոնց շաբաթական աշխատանքներուն ու խաղերուն:
Սկաուտները Փայլանին նուիրեցին ՀՄՄ-ի սկաուտական փողկապ մը՝ անոր յաջողութիւն մաղթելով իր կարեւոր գործին մէջ: