Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ժամանակը հասունցած է՝ դիւանագիտութեան մէջ ըլլալու առաւել շեշտակի եւ յստակ․ «Հայրենիք»

Հունվար 26,2019 11:10

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Տաւոսեան չնախատեսուած շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը՝ Փաշինեանի հետ, որքան ալ Հայաստանի նախագահը պնդէ, որ չէ անդրադարձած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, թէ ժամանակով, թէ արծարծուած նիւթերուն ծիրով, կ՛առնչուի Արցախեան հիմնահարցին։

Աւելի առաջ՝ Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին յառաջացած այն համախոհութիւնը, թէ ժողովուրդները՝ հայերը եւ ատրպէյճանցիները, պէտք է պատրաստել խաղաղութեան, ապահովութեան եւ շրջանային զարգացման,խորքին մէջ ատրպէյճանական կողմին կու տայ որոշ առաւելութիւն մը, որովհետեւ ընդհանուր գիծերու մէջ իսկ ոչինչ կ՛ըսուի իր հայրենիքին մէջ ազատ եւ անկախ ապրելու արցախցիին անվիճելի եւ անսակարկելի հիմնական իրաւունքին մասին՝ զանց առնելով եւ անտեսելով արդէն տը Ֆաքթօ կայացած Արցախի հանրապետութիւնը։ Հիմքը, որուն վրայ պիտի բարձրանայ ժողովուրդներու պատրաստութիւնը՝ խաղաղութեան եւ ապահովութեան, Արցախի հանրապետութեան գերիշխան պետութիւն մը ըլլալու իրողութիւնն է եւ որ չկար համախոհութեան նկարագրականին մէջ։Այս ալ առաւել մըն է Ալիեւի համար։

Հիմա վերյիշենք, թէ Ճոն Պոլթըն ինչ յայտարարեց Երեւանի մէջ, ուր ժամանեց Ատրպէյճանէն։ «Ներկայ իրավիճակը կ՛ընդգծէ կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկուստէք գոհացուցիչ համաձայնութեան մը, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջե ըսաւ ան եւ աւելի առաջ երթալով՝ յիշեցուց,որ երբ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծուի, Հայաստան – Ատրպէյճան սահմանը պիտի վերաբացուի, եւ գրեթէ վստահաբար նաեւ պիտի բացուի Թուրքիա – Հայաստան սահմանը։ Ան այս բովանդակութեան մէջ ալ դիտեց Վրաստանի սահմանին անկարեւորութիւնը նման պարագայի մը, թէ Ռուսաստան որքան ճնշում պիտի բանեցնէ։ Ամերիկացիներուն եւ յատկապէս Պոլթընի համար «երկուստէք գոհացուցիչ համաձայնութիւն մը» ինչ տարազ կրնայ ունենալ, անշուշտ կը մնայ ենթադրութիւններու սահմաններու մէջ, եւ այս պարագային ալ աղօտ բանաձեւում մը դարձեալ Ալիեւի համար առաւել մըն էր։

Ներկայիս տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու առարկայ են Արցախի տագնապին կապուած բոլոր մակարդակներու վրայ կատարուող տեսակցութիւնները, հանդիպումները, խորհրդակցութիւնները եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցները, անոնք ըլլան չնախատեսուած, նախապէս կազմակերպուած կամ պահուն թելադրանքներէն առաջնորդուած։ Բոլոր պարագաներուն ալ մեզ հետաքրքրողը Արցախի պետութեան ամրագրման, երաշխաւորման եւ միջազգային ճանաչման ապահովման առաջնորդող քայլերու եւ նախագիծերու զուգորդումն է՝ Ալիեւեան քաղաքականութեան անհրաժեշտ հակադարձութիւնը ապահովելու առաջադրանքով։ Այլապէս՝ ինչ անիմաստ եւ դիւանագիտական բառախաղերու կոյտ մը կը խուժէ եւ պիտի շարունակէ խուժել։ Ժամանակը հասունցած է՝ դիւանագիտութեան մէջ ըլլալու առաւել շեշտակի եւ յստակ։ Արցախի պետութեան գոյութեամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը ապահովաբար շատ արագ կ՛իրականանայ։ Ուրիշ այլընտրանք գոյութիւն ունի՞։

Ա․Ա․

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2019
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031