Խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջող կազմակերպումով, Փաշինեանի առջեւ երկիրը կառավարելու բոլոր լոյսերը կանաչ դարձան։ Հայաստան իր ապագան կերտելու համար այսքան բախտորոշ վիճակ չէ ունեցած, որքան այսօր։ Վերակերտումի նոր սկիզբ մըն է, նոր պայմաններ, նոր խորհրդարան, նոր կառավարութիւն։
Սակայն նախքան կառավարութեան կազմութիւնը, Փաշինեանի կառավարման հայեցակարգը արդէն խիստ քննադատութեան ենթարկուեցաւ՝ նախարարութիւններու կրճատման,– ի շարս այլոց Սփիւռքի նախարարութեան,– հազարաւոր պաշտօնեաներու գործէ արձակումին պատճառով։
Բուն հարցումը որ բոլորին մտքին է, այն է թէ՝ յեղափոխական հոլովոյթէն դուրս արդեօք թաւշեայ յեղափոխութեան կերտիչը նաեւ լա՞ւ վարչապետ է, ունի՞ տնտեսական հրաշքը իրագործելու կարողութիւնը։ Ունի՞ ժողովուրդին մէջ քնացած, կրաւորական մնացած ներուժը զօրաշարժի ենթարկելու կարողութիւնը, այնպէս ինչպէս կրցաւ ժողովուրդին բողոքը քաղաքական ըմբոստութեան վերածել։ Փաշինեանական լեզուով՝ պիտի կարենա՞յ տնտեսական յեղափոխութիւնը իրագործել։
Դրամական միջոցներ ունեցող զանգուածը, ստեղծագործական միտքը եւ տնտեսական զարգացումը խթանող կառավարական միջավայր մը ստեղծելը կախարդական գաւազանով չ՚իրագործուիր։ Անհրաժեշտ է մտայնութիւններու յեղափոխութիւն, անհրաժեշտ են ինքնիշխան պետութիւն կերտելու համոզում եւ ծրագիր, որոնք աւելի՛ն կը պահանջեն, քան ժողովուրդի ներքին բարկութիւնը, ընդվզումը, զօրաշարժի ենթարկելը։ Բարեբախտութիւն է Փաշինեանի մօտ տեսնել տնտեսական ներդրումներու կոչին կողքին՝ գաղափարական այնքա՜ն ամուր դաւանանքը, ներքին յեղափոխութեան անհրաժեշտութեան կանչը։
Յեղափոխական յաջողութիւնը պէտք չէ մոռցնէ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք քաղաքական դաշտէն դուրս մնացած տնտեսական մեծ հնարաւորութիւններ ունեցող զանգուածը, որ անցեալին իր դիզած հսկայական հարստութիւնով դեռ ազդեցիկ քաղաքական ուժ է եւ որուն մէկ մասը իր դրամագլուխը երկրէն դուրս հանելու միջոցներ կը փնտռէ, իսկ ուրիշներ կը կազմակերպուին Փաշինեանի դէմ արտախորհրդարանական տեղեկատուական ընդդիմութիւն կերտելու համար։
Հոդվածն ամբողջությամբ «Նոր Յառաջ» երկօրեայի այսօրվա համարում