«Ասպարեզ». Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. OTV-ի պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան՝ յոյս յայտնելով, որ նոր կառավարութեան աշխատանքներուն մէջ առաջնային պիտի ըլլայ Սփիւռքը:
Կաթողիկոսը նշեց, որ սփիւռքի նախարարութեան լուծարման մասին լուրը սփիւռքահայութեան մէջ կը դիտուի իբրեւ Սփիւռքի վերաբերեալ ոչ բարենպաստ որոշում:
Արամ Ա. ընդգծեց, որ Սփիւռքի համար կարեւոր է ունենալ սփիւռքի նախարարութիւն՝ աւելցնելով, որ անցեալ տարիներուն նախարարութիւնը հսկայական գործ ըրած է ու պէտք է գնահատել զայն:
«Կարեւոր համարելով սփիւռքի նախարարութեան գոյութեան ռազմավարական իմաստը՝ միաժամանակ, պէտք է նկատի ունենալ, որ երբեմն խորհրդանշական իմաստը աւելի կենսական է, քան ռազմավարականը կամ քաղաքականը», ըսաւ Արամ Ա.։
Ըստ վեհափառին՝ Սփիւռքի սպասելիքները մեծ են, որ սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի շարունակէ գործել։ Ան ըսաւ, թէ Սփիւռքի դուրս մղումը կառավարութեան կազմէն կրնայ բացասական անդրադարձ ունենալ Սփիւռքի մէջ: