Ժողովրդավարութիւնը կը յաջողի եւ կը յառաջդիմէ եթէ լուռ մեծամասնութիւնը արտայայտութեան բեմ ունենայ, վիճարկումները չսահմանափակուին բանգէտներով եւ քաղաքական ուժերով, ինչու չըսել նաեւ անոնց մեքենայութիւններով (քոմպինացիա), եւյարգուի ժողովրդավարութեան հիմնական սկսզբունք՝ հաւասարութիւնը, որ քուէատուփին մէջ նետուած թղթիկի հաւասարութենէն աւելին պէտք է ըլլայ եւ չէ:
Այս կացութեան մէջ բնական կը դառնայ տեսնել, որ դրամատէրեր, խորամանկներ, զանազան երեւոյթներ չարաշահողներ, իւրացնեն որոշելու եւ առաջնորդելու իրաւունքը, ոչ միայն պետութիւններու մակարդակին, այլ նաեւ ընկերային կազմակերպութեան օղակներու, ընկերութեան ծառայելու կոչուած կառոյցները եւ հաստատութիւնները վերածելով անհատական, ընտանեկան կամ հատուածական կրպակներու:
Այս հարցերու մասին եթէ չխօսուի ժողովուրդին, եթէ ան չլուսաբանուի եւ չհասկնայ, ժողովրդավարութիւն, հաւասարութիւն, մարդկային իրաւունք, ազատութիւններ, եւ այլ շողշողուն գաղափարներ կը մնան մեռեալ տառ, եւ հարկ կ’ըլլայ վերսկսիլ, միշտ վճարելով վերկսելու ծանր հարկը. ըմբոստութիւններ, յեղափոխութիւններ, պատերազմներ: Անոնք ըլլան մեծ թէ փոքր:
Պէտք է գիտնալ, որ իւրաքանչիւր անհատ, քաղաքացի, կազմակերպութեան անդամ, ան ըլլայ քաղաքական, միութենական, կրօնական, տնտեսական կամ այլ, ինք պիտի հանէ իր աչքի կապանքները: Առաջին հերթին՝ մտաւորականութիւնը, որ նաեւ ճամբացոյց պիտի ըլլայ:
Յ. Պալեան
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում